Արցախի պատերազմի երկու հակադիր պատկերումները. «Վերածնունդ»-ը՝ Լոս Անճըլըսի, «44»-ը՝ Պաքուի մէջ

Ճիւան Աւետիսեան

Ջիւան Աւետիսեան՝ կեդրոնը (թիթեռնաձեւ փողկապով)

2020-ի արցախեան պատերազմը երկու բոլորովին տարբեր դիտանկիւններէ ներկայացնող շարժանկարներու անդրանիկ ցուցադրութիւնները տեղի ունեցած են Հոկտեմբերի առաջին կիսուն՝ Լոս Անճըլըսի եւ Պաքուի մէջ։ Մինչ հայկական «Վերածնունդ»-ը (Revival) կ՚անդրադառնայ պատերազմի մարդկային եւ հոգեբանական հետեւանքներուն, ազերպայճանական «44»-ը կը փառաբանէ զինուորական յաղթանակն ու հայրենասիրութիւնը։

Հայ բեմադիր Ջիւան Աւետիսեանի «Վերածնունդ» շարժանկարին համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 3-ին, Լոս Անճըլըսի «Warner Bros.» շարժարուեստի համալիրի «Steven J. Ross» սրահին մէջ։

Հայաստանի, Լիթուանիոյ եւ Կիպրոսի միացեալ արտադրութիւնը հանդիսացող այս ժապաւէնը, գիտաերեւակայական եւ հոգեբանական տարրերը միահիւսելով, կը ներկայացնէ 2020-ի Արցախի պատերազմին մարդկային ողբերգութիւնը, անոր թողած խոր վէրքերն ու հոգեւոր վերածնունդի կարելիութիւնը։

Պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ արհեստական բանականութիւնը, որուն միջոցով կը շօշափուին մարդկային խղճի, ինքնութեան եւ բարոյական պատասխանատւութեան հարցեր։

Միջազգային դերակատարներու կազմին մաս կը կազմեն ամերիկացի Արման Ասանթէն, գերմանացի Հայնօ Ֆերխը, ֆրանսահայ Ռոպէն Հայրապետեանը, ֆրանսացի Գլեմանս Պոտուէնը եւ ուրիշներ։

Աւետիսեանի այս չորրորդ ժապաւէնը պիտի ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն, իսկ Հայաստանի շարժանկարի սրահներուն մէջ անոր ցուցադրութիւնը նախատեսուած է 2027 Մարտին։

Մինչ այդ, Հոկտեմբեր 12-ին, Պաքուի «Հայտար Ալիեւ» կեդրոնին մէջ մեծ շուքով եւ պետական բարձրաստիճան դէմքերու, այդ կարգին՝ Ալիեւ ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցած է ազերպայճանական «44» ժապաւէնին հանդիսաւոր անդրանիկ ցուցադրութիւնը։

Երեկոյթը սկսած պատերազմին մահացած ազերպայճանցի զինուորներու յիշատակին մէկ վայրկեան լռութեամբ։ Ապա նուագախումբը ելոյթ ունեցած է, իսկ ցուցադրուած վաւերագրական պատկերները փառաբանած են ազերպայճանական բանակին յաղթանակն ու Ալիեւներու քաղաքականութիւնը։

Ըստ տեղական մամուլին՝ «44»-ը կը ներկայացնէ 2020-ի պատերազմին ազերպայճանական յատուկ ջոկատներուն գործողութիւնները՝ նպատակ ունենալով երիտասարդ սերունդին մէջ ամրապնդել հայրենասիրական ոգին եւ յաւերժացնել յաղթանակին յիշատակը։

Ազերպայճանի մշակոյթի նախարարութեան եւ պետական այլ հաստատութիւններու աջակցութեամբ պատրաստուած ժապաւէնին նկարահանումները կատարուած են աւելի քան 130 վայրերու մէջ՝ զինուորական մեծածաւալ միջոցներու ներդրմամբ։ Անիկա Ազերպայճանի շարժանկարի սրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբեր 15-էն սկսեալ։

Այսպէսով, գրեթէ նոյն օրերուն հրապարակ իջած երկու շարժանկարները կը ներկայացնեն միեւնոյն պատերազմի մասին երկու հակադիր պատումներ։ Հայկականը կը փորձէ բացայայտել պատերազմին պատճառած մարդկային տառապանքն ու անոր յաղթահարման ուղիները, մինչ ազերպայճանականը կը ձգտի յաւերժացնել զինուորական յաղթանակը՝ իբրեւ ազգային հպարտութեան եւ պատմական յիշողութեան խորհրդանիշ։