Վարչապետն ու «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու տնօրէնը քննարկած են Հայաստանի երկաթուղիներուն ապագան

Ռուսաստանի երկաթուղի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 14-ին ընդունած է «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Օլեկ Պելոզիորովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպման գլխաւոր նիւթերէն եղած են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման կարելիութիւնները եւ Հայաստանի երկաթուղային ցանցին միացումը դրացի երկիրներու ու միջազգային փոխադրութեան ուղիներուն։

Մասնաւորապէս քննարկուած են Գիւմրի–Ախուրիկ–Թուրքիոյ սահման եւ Երասխ–Նախիջեւան երկաթուղային հատուածներուն վերակառուցման ծրագրերը։

Փաշինեան ընդգծած է, թէ կառավարութեան նպատակն է Հայաստանի երկաթուղիները դարձնել մրցունակ եւ զանոնք ամբողջութեամբ ներգրաւել միջազգային փոխադրութեան ցանցին մէջ։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան՝ Հայաստանի երկաթուղիներու կառավարման ընթացքին կատարած աշխատանքներուն, առկայ դժուարութիւններուն եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն։

Կողմերը համաձայնած են կազմել միացեալ աշխատանքային խումբ մը՝ կարճ ժամանակի ընթացքին քննելու բարձրացուած հարցերը, լուծումներ գտնելու եւ յաջորդ քայլերը ճշդելու նպատակով։