Փաշինեան Ազերպայճանի հետ տարածքներու փոխանակում կ՚առաջարկէ՝ կղզիացած շրջաններու հարցը լուծելու համար
Հայաստան եւ Ազերպայճան կրնան հաւասար տարածութեամբ հողամասեր փոխանակել՝ վերջ տալու համար երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ գոյութիւն ունեցող կղզիացած տարածքներու (անկլաւ) խնդրին։
Այս առաջարկը ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հոկտեմբեր 14-ին հրապարակած տեսաուղերձով մը, ուր պարզած է, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւնները խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրումէն եւ վաւերացումէն ետք։
Վարչապետը, սակայն, չէ ճշդած, թէ ո՛ր տարածքները կրնան փոխանակուիլ, եւ արդեօք այդ հարցին շուրջ արդէն համաձայնութիւն գոյացա՞ծ է Պաքուի հետ։
Ըստ Փաշինեանի՝ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու ճշդման եւ գետնի վրայ նշագծման աշխատանքները պէտք է շարունակուին Ալմա Աթայի հռչակագրին հիման վրայ՝ պահպանելով Հայաստանի 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւնը։
Այս ծիրէն ներս, վարչապետը կ՚առաջարկէ հաւասար տարածութեամբ հողամասեր փոխանակել, որպէսզի երկու երկիրներէն ոչ մէկը միւսին տարածքով շրջապատուած առանձին հողամասեր ունենայ։
Հարցը մասնաւորապէս կը վերաբերի ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական Արծուաշէնին, ինչպէս նաեւ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող Տիգրանաշէնին (Քեարքի), Վերին Ասկիպարային, Սոֆուլուին եւ Բարխուդարլուին, որոնք խորհրդային շրջանին Ազերպայճանին կը պատկանէին։
Այս շրջաններուն ճակատագիրը երկար ժամանակէ ի վեր հայ-ազերպայճանական սահմանային բանակցութիւններու ամենազգայուն հարցերէն մէկն է։ Փաշինեանի նոր առաջարկը, սակայն, տակաւին չի բացայայտեր հաւանական փոխանակման պայմաններն ու ձեւը։
Վարչապետին յայտարարութիւնը խորհրդարանին մէջ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած է։ Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղարին համաձայն, խօսքը Տիգրանաշէնի եւ Արծուաշէնի փոխանակման մասին է։
Իշխանութեան երեսփոխան Էդուարդ Աղաճանեան, իր կարգին, յայտնած է, թէ տեղեակ չէ առաջարկին մանրամասնութիւններուն, սակայն նշած է, որ նման փոխանակում մը կրնայ հանրաքուէ պահանջել երկու երկիրներուն մէջ։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան, ընդհակառակն, զգուշացուցած է, թէ վարչապետին խօսքերէն կարելի չէ եզրակացնել, որ փոխանակումը անպայման Արծուաշէնի եւ Տիգրանաշէնի միջեւ պիտի կատարուի։ Ան մտահոգութիւն յայտնած է, որ այլ տարածքներու փոխանակումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի անվտանգութեան համար։
Կղզիացած շրջաններու հարցէն անկախ, Փաշինեան առաջարկած է նաեւ վերաբանալ երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր ճանապարհներն ու հաղորդակցութեան ուղիները՝ թէ՛ TRIPP ծրագրին ծիրէն ներս, թէ՛ անկէ անկախ։ Ան մասնաւորապէս խօսած է Հայաստանի մէկ շրջանէն միւսը Ազերպայճանի տարածքով անցնելու, ինչպէս նաեւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկելու կարելիութեան մասին։
Վարչապետը նաեւ կոչ ուղղած է, որ երկու երկիրները հրաժարին իրարու նկատմամբ տարածքային եւ այլ պահանջներէ՝ այս առնչութեամբ յիշատակելով Արցախը, Գարդմանը, Շիրվանը, Նախիջեւանն ու Պաքուի քարոզած «Արեւմտեան Ազերպայճան» հասկացութիւնը։ Ան նման փոխադարձ հրաժարում մը անհրաժեշտ կը նկատէ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար։
Փաշինեան իր առաջարկները ներկայացուցած է Թիւրքմէնստանի մէջ Հոկտեմբեր 8-ին Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած ոչ պաշտօնական հանդիպումէն ետք։ Իր խօսքով, այդ շփումներէն ստացած է նախնական դրական տպաւորութիւն մը՝ խաղաղութեան շուրջ իր պատկերացումները իրականութիւն դարձնելու կարելիութեան մասին։
Այսուհանդերձ, տարածքներու փոխանակման հաւանական համաձայնութեան սահմաններն ու պայմանները կը մնան անորոշ։ Պաքու տակաւին հրապարակաւ չէ հաստատած, թէ կ՚ընդունի վարչապետին առաջարկած լուծումը։
