COP17-ին ընդառաջ Երեւան ժամանած Կութերէշ կ՚ահազանգէ բնութեան կործանման մասին եւ կ՚անդրադառնայ հայ գերիներու հարցին
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ Հոկտեմբեր 15-ին Երեւան ժամանած է՝ մասնակցելու կենսաբազմազանութեան COP17 միջազգային համաժողովին ընդառաջ կազմակերպուած ղեկավարներու վեհաժողովին։
Երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Կութերէշ ժամանած օրը հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, իսկ նոյն օրը կայացած մամլոյ ասուլիսին ներկայացուցած է կենսաբազմազանութեան պահպանման ուղղութեամբ արձանագրուած համաշխարհային յառաջընթացին վերաբերող առաջին զեկոյցը։
“Բնութեան դէմ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած”,– յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ զգուշացնելով, որ աշխարհը կը շարունակէ դիմագրաւել երեք իրարու կապուած ծանր տագնապներ՝ կլիմայի փոփոխութիւնը, կենսաբազմազանութեան կորուստը եւ շրջապատի ապականումը։
Կութերէշի համաձայն՝ 2022-ին ընդունուած Քունմինկ-Մոնրէալի համաշխարհային համաձայնագրով սահմանուած 23 նպատակներուն իրագործումը տակաւին հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ։
Թէեւ բազմաթիւ երկիրներ կենսաբազմազանութեան պահպանման ազգային նպատակներ ճշդած են, անոնց զգալի մասը ճիշդ ուղիին վրայ չէ։ Ներկայ յանձնառութիւններով, մինչեւ 2030 ցամաքային բնական միջավայրերուն 30 տոկոսը պահպանելու միջազգային նպատակը տակաւին անհասանելի կը մնայ, իսկ ջրային միջավայրերուն պարագային պաշտպանութեան նախատեսուած բաժինը շուրջ 12 տոկոս է։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յատկապէս շեշտած է բնապահական ծրագրերուն յատկացուող նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնը եւ բնութեան վնաս հասցնող տնտեսական քաղաքականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը։
Ան կոչ ուղղած է կառավարութիւններուն՝ դադրեցնելու շրջապատին վնասող գործունէութեանց պետական օժանդակութիւնները, աւելցնելու բնութեան պահպանման յատկացումները եւ գործարար աշխարհին հետ գործակցութիւնը։
Պաքուի հայ գերիներուն մասին
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Կութերէշ անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան գործընթացին։
Պատասխանելով՝ «ինչո՞ւ ՄԱԿ-ը աւելի ուժեղ ճնշում չի բանեցներ Պաքուի վրայ՝ հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար» հարցումին, Կութերէշ յայտարարած է, թէ ինք վճռականօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը։
Ան յոյս յայտնած է, որ խաղաղութեան գործընթացը արագանայ եւ առկայ խնդիրները լուծում գտնեն՝ կոչ ուղղելով կողմերուն կարելի եղածին չափ շուտ գործադրելու համաձայնագրին դրոյթները, ներառեալ կալանաւորուած անձերուն վերաբերող հարցերը։
Նախապէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Կութերէշ կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը՝ բարձր գնահատելով հայկական դիւանագիտութեան ջանքերը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Երեւան ժամանած է՝ մասնակցելու Հոկտեմբեր 16-ի ղեկավարներու վեհաժողովին, որ կը նախորդէ COP17-ի հիմնական աշխատանքներուն։
Յիշեցնենք, որ կենսաբազմազանութեան նուիրուած ՄԱԿ-ի COP17 համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 19-էն 30։
