Երեւանի մէջ միջազգային խորհրդաժողով՝ հայ գերիներու ազատ արձակման եւ գերութեան հետեւանքներու յաղթահարման շուրջ
Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ գերութենէ վերադարձածներուն հոգեբանական եւ ընկերային վերականգնումը պիտի կազմեն Հոկտեմբեր 16-ին Երեւանի մէջ կայանալիք միջազգային խորհրդաժողովին գլխաւոր նիւթերը։
«Ազատութիւն, արդարութիւն եւ վերադարձ հասարակական կեանքին» խորագրով խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի «Կովկաս» իրաւունքի եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, «Լիպերթաս» (Libertas) խմբաւորման ծիրէն ներս։ Անոր պիտի մասնակցին իրաւաբաններ, հոգեբաններ, մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
2022-ին Եւրոպայի մէջ ստեղծուած եւ Հիլտա Չոպոյեանի ղեկավարած «Լիպերթաս»-ը կը համախմբէ երեք կազմակերպութիւններ՝ Ֆրանսայի «Կովկաս» կեդրոնը, Զուիցերիոյ «Հայսթարթ»-ը եւ Ֆրանսայի մէջ գործող «Հայատեացութեան դիտարան»-ը։
Խմբաւորումը կը պայքարի Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակման համար, միաժամանակ աջակցելով գերութենէ վերադարձածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Ան նաեւ կը պահանջէ լոյս սփռել գերեվարուած կամ ձերբակալուած այն անձերուն ճակատագրին վրայ, որոնց մասին իշխանութիւնները տեղեկութիւն չեն տրամադրեր։ Միաժամանակ, գերիներու խորհրդանշական հովանաւորութեան արշաւներ կը կազմակերպէ՝ ներգրաւելով քաղաքապետարաններ, կազմակերպութիւններ եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններ։
Խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին հայ գերիներուն իրաւունքները պաշտպանելու միջազգային իրաւական միջոցները, մարդասիրական միջնորդութեան կարելիութիւններն ու անոնց ազատ արձակման համար միջազգային ճնշումը զօրացնելու ուղիները։
Առանձին ուշադրութիւն պիտի դարձուի գերութենէ վերադարձած անձերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Ֆիզիքական եւ հոգեբանական վէրքերէն զատ, անոնք յաճախ կը բախին ընկերային մեկուսացման, աշխատանք գտնելու դժուարութիւններու եւ երբեմն նոյնիսկ անարդար կասկածներու՝ գերութեան ընթացքին բաւարար դիմադրութիւն ցոյց տուած չըլլալու մեղադրանքով։ Այս ծանր կացութիւնը կ՚ազդէ նաեւ անոնց ընտանիքներուն վրայ։
Խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի Երեւանի «Սեդա Ղազարեան – ԻՆԹՐԱ» հոգեկան առողջութեան կեդրոնին, Միջազգային եւ բաղդատական իրաւունքի կեդրոնին եւ Վանաձորի «ԱՐՓԻ» կազմակերպութեան գործակցութեամբ։ Վերջին երկու կազմակերպութիւնները՝ ԻՆԹՐԱ-ն եւ ԱՐՓԻ-ն արդէն իսկ հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութիւն կը տրամադրեն գերութենէ վերադարձած անձերու։
Նախաձեռնութեան կ՚աջակցին Լիոնի քաղաքապետարանն ու «Լէա եւ Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» հիմնադրամը։
«Լիպերթաս»-ը նաեւ կոչ ուղղած է Երեւանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան COP17 խորհրդաժողովին մասնակիցներուն՝ անտարբեր չմնալու Պաքուի հայ գերիներուն ճակատագրին հանդէպ եւ մասնակցելու այս հանդիպման։
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 16, ժամը 13։00-էն 18։00, Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Մելիք Ադամեան փողոց, 2/2)։ Կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ նաեւ համացանցի միջոցով՝ նախապէս արձանագրուելով։
https://www.libertas2020.com/en/register-to-the-libertas-conference
