Պաքուի վեհաժողովին 14 պատուիրակութիւններ լքեցին սրահը՝ Իսրայէլի նախագահի ելոյթին ընթացքին

Իսրայէլ-դահլիճ

Պաքուի մէջ Հոկտեմբեր 15-ին կայացած Ասիոյ մէջ գործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու խորհրդաժողովի (CICA) 7-րդ վեհաժողովի ընթացքին, Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկի ելոյթը բողոքի արտասովոր արտայայտութեան մը առիթ դարձած է։

Ազերպայճանական լրասփիւռին համաձայն, վեհաժողովին մասնակցող 28 պատուիրակութիւններէն 14-ը լքած են սրահը՝ ի նշան բողոքի Իսրայէլի քաղաքականութեան դէմ։

Հեռացողներուն շարքին էին Իրանի, Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Պաղեստինի, Քուէյթի եւ Պանկլատէշի ներկայացուցիչները։ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

Միջազգային լրասփիւռները հաստատած է զանգուածային հեռացումը, թէեւ մասնակից երկիրներուն ճշգրիտ թիւին շուրջ տեղեկութիւնները կը տարբերին։

Յիշեցնենք, որ անցեալ Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ելոյթը եւս բողոքի նման արտայայտութեան արժանացած էր, երբ բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցիչներ լքած էին սրահը։