Հայաստանի մէջ ֆրանսերէնն ալ կը պատրաստուի Ֆրանսախօսութեան խաղերուն

Հայաստանի մէջ ֆրանսերէնն ալ կը պատրաստուի Ֆրանսախօսութեան խաղերուն

Պատուիրակութիւնները դիմաւորել, մասնակիցներուն ուղղութիւն ցոյց տալ, այցելուներուն հետ հաղորդակցիլ. 2027-ի Ֆրանսախօսութեան խաղերը հայ կամաւորներուն առիթ պիտի ընծայեն գործածելու եւ կատարելագործելու իրենց ֆրանսերէնը։ Կամաւորներու ներգրաւման եւ անոնց համար լեզուի դասընթացքներ կազմակերպելու հարցերը քննարկուած են Հոկտեմբեր 15-ին, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէի հանդիպման ընթացքին։

Խաղերու նախապատրաստութիւնը նաեւ առիթ մըն է ընդլայնելու կրթական մարզին մէջ արդէն իսկ հաստատուած ֆրանքեւհայկական գործակցութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան արժանացած են Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանը, Ֆրանսական հիմնարկը եւ «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական միջազգային լիսէն։ Երկու պաշտօնատարները քննարկած են այս հաստատութիւններուն զարգացման հեռանկարները, միացեալ նոր նախաձեռնութիւններու կարելիութիւններն ու հայ եւ ֆրանսական կրթական հաստատութիւններուն միջեւ կապերու սերտացումը։ Անդրադարձ եղած է նաեւ կրթութեան մէջ արհեստական բանականութեան կիրարկութեան։

Ֆրանսախօսութեան խաղերուն կազմակերպական պատրաստութիւնները կը շարունակուին նախարարութեան համակարգումով։ Անոնց կարեւոր մէկ մասը կամաւորներուն պատրաստութիւնն է, սակայն հանդիպման աւարտին որեւէ յստակ տեղեկութիւն չէ տրուած լեզուի դասընթացքներուն ժամանակացոյցին կամ մասնակիցներու նախատեսուած թիւին մասին։

Քննարկումները չեն սահմանափակուած կրթութեամբ եւ խաղերու կազմակերպութեամբ։ Կողմերը անդրադարձած են նաեւ թանգարաններու, պատկերասրահներու եւ գրադարաններու միջեւ մնայուն գործակցութիւն հաստատելու կարելիութիւններուն։ Հայկական մշակութային ժառանգութեան վերականգնումը նոյնպէս ընդգրկուած է հետագայ գործակցութեամբ նախատեսուող մարզերուն շարքին։