Armen’Livres 2026 — Գիրքի 21-րդ ցուցահանդէս
Նոյեմբեր 26-էն 29, Ալֆորվիլի հայ մշակոյթի տունը ձեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու «Armen’Livres» Հայ Գիրքի 21-րդ ցուցահանդէս վաճառքին։
📸 Այս տարի յատուկ ուշադրութեան արժանացած է « La photographie, un regard arménien» խորագրով ցուցահանդէսը, որ կը համախմբէ շուրջ տասը լուսանկարիչներու ստեղծագործութիւնները՝ լուսանկարչութեան 200-ամեակին առիթով։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ՝
🥂 Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր
Ցուցահանդէսի եւ լուսանկարչական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացում։
📷 Հինգշաբթի 26 եւ Ուրբաթ 27 Նոյեմբեր
Դպրոցական այցելութիւններ եւ մանկավարժական աշխատանոցներ՝ նուիրուած լուսանկարչութեան, պատկերին եւ անոր ձեւափոխման։
🎶 Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր — Nocturne musicale
Երաժշտութեամբ, լուսանկարչութեամբ, գրականութեամբ եւ հանդիպումներով հարուստ երեկոյ մը՝ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
✍️ Շաբաթ 28 եւ Կիրակի 29 Նոյեմբեր
Գրական հանդիպումներ, գիրքերու ներկայացումներ, զրոյցներ շուրջ տասը հեղինակներու հետ եւ գիրքերու մակագրութեան առիթներ։
Ցուցահանդէսի չորս օրերուն ընթացքին, կրնաք գտնել եւ գնել հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիրքերու ճոխ ընտրանի մը՝ գրականութիւն, պատմութիւն, արուեստ, մանկապատանեկան գրականութիւն, պատկերազարդ պատմութիւններ, խոհարարութիւն եւ շատ աւելին։
Ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, բացայայտեցէ՛ք «La photographie, un regard arménien» լուսանկարչական ցուցահանդէսը՝ յիշողութեան, ինքնութեան եւ ժամանակակից ստեղծագործութեան ընդմէջէն։
