Հերցոկ գովեստներ կը շռայլէ Ալիեւին
Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկ շռայլ գովեստներով արտայայտուած է Ազերպայճանի եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասին՝ Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին։
Հոկտեմբեր 14-ին Ալիեւի հետ հանդիպումէ մը ետք, Հերցոկ յայտարարած է. “Ձեր ղեկավարութեան ներքեւ Ազերպայճան մեր տարածաշրջանին մէջ խոր յարգանքի արժանացած, վստահելի եւ ազդեցիկ երկիր մը դարձած է”։
Իսրայէլի նախագահը չէ գոհացած այս գնահատականով։ Յաջորդ օրը, Ասիոյ մէջ գործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու խորհրդաժողովի (CICA) 7-րդ վեհաժողովի իր ելոյթին ան Ազերպայճանը ներկայացուցած է իբրեւ «կայունութեան տիպար»՝ բարձր գնահատելով Ալիեւի «իմաստուն ղեկավարութիւնը», երկրին տնտեսական աճն ու տարածաշրջանային կապերու ընդլայնումը։
Հերցոկ շեշտած է նաեւ Իսրայէլի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուած «բացառիկ յարաբերութիւնները»՝ հիմնուած փոխադարձ շահերու, վստահութեան եւ երկու ժողովուրդներուն պատմական կապերուն (ընդգծումը մեր կողմէ — «ՆՅ») վրայ։ Երկու նախագահները քննարկած են ռազմավարական գործակցութեան խորացման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները։
Այս ջերմ արտայայտութիւնները կը ցոլացնեն երկու երկիրներուն միջեւ արդէն բաւական ժամանակ է հաստատուած սերտ գործակցութիւնը։ Իսրայէլ Ազերպայճանի զէնքի գլխաւոր մատակարարներէն մէկն է, իսկ Պաքու, իր կարգին, կարեւոր տեղ կը գրաւէ Իսրայէլի քարիւղի մատակարարման մէջ։
Այսպէս, Արցախի դէմ պատերազմներու ընթացքին Ազերպայճանին զինուորական կարեւոր աջակցութիւն տրամադրած Իսրայէլի նախագահը այժմ Ալիեւի ղեկավարած երկիրը միջազգային կայունութեան եւ վստահութեան օրինակ կը ներկայացնէ։
