Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՔՐԱԻՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Գրիգոր Լուսաւորիչի անունով փողոց՝ Տնիփրոյի մէջ 

Տնիփրոյի քաղապետական խորհուրդի վերջերս տեղի ունեցած նիստին որոշում կայացուած է՝ 26 Քազանսքայա փողոցը վերանուանել  Գրիգոր Լուսաւորիչի անունով: Լուրը կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը։

Փողոցը կը գտնուի Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ և Սերկէյ Նիկոյեան պողոտային մօտ։

Աղբիւրը կ՚ընդգծէ, որ հայ-ուքրաինական պատմութիւնը աւելի քան 11 դարու անցեալ ունի։ Ուքրաինական քաղաքներու մէջ կան բազմաթիւ փողոցներ եւ նրբանցքներ, որոնց անունները կ՚առնչուին հայ համայնքի ծանօթ գործիչներուն:

Նշենք, թէ Ուքրաինայի Հայերու միութիւնը՝ Վիլեն Շատուորեանի գլխաւորությամբ, կը հանդիսանայ երկրի տարածքին միակը, որ կը համախմբէ հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները: Միութիւնը աշխուժ աշխատանք կը տանի ազգային պատմական արժէքները ծանօթացնելու ուղղութեամբ: