Վարդան Պետրոսեանի «Նամակներ Փարիզից»-ը՝ կարօտի եւ վերադարձի պատմութիւն մը
Դերասան, նկարիչ եւ հեղինակ Վարդան Պետրոսեան իր կեանքին տասներկու տարիները կը պատմէ երրորդ՝ «Նամակներ Փարիզից» գիրքով, որուն էջերուն մէջ կը միահիւսուին պանդխտութեան կարօտը, անձնական ապրումներն ու հայրենիքի հանդէպ անխախտ սէրը։
1990-ականներուն, Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային ծանր պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անձնական եւ ստեղծագործական տագնապներու հետեւանքով, Պետրոսեան հեռացած էր հայրենիքէն՝ հաստատուելով Փարիզ։ Ֆրանսայի մէջ ան ջերմ ընդունելութիւն գտած, մասնագիտական նոր կարելիութիւններ ունեցած եւ հարստացուցած է իր փորձառութիւնը։ Սակայն յաջողութիւնները չեն մեղմացուցած հայրենիքին ու հարազատներուն կարօտը, որուն արտայայտութիւնը դարձած են ընտանիքին եւ բարեկամներուն ուղղած իր երկարաշունչ նամակները։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Պետրոսեան իր մեկնումը բնորոշած է իբրեւ փախուստ մը ինքն իրմէ, որ սակայն վերածուած է անվերջ վերադարձի։ Արդարեւ, օտարութեան մէջ ձեռք բերած իր փորձառութիւնն ու հոգեկան հարստութիւնը ան շարունակած է բաժնել հայրենիքին ու սիրելիներուն հետ։
Գիրքը լոյս տեսած է քրոջ՝ Աշխէնի նախաձեռնութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով։ Ընտանեկան նամակներու հարուստ հաւաքածոյէն կատարուած է ընտրութիւն մը՝ դուրս ձգելով չափազանց անձնական հատուածները։ Հրատարակութեան մէջ տեղ գտած են նաեւ Պետրոսեանի ֆրանսերէն երգերը, զորս ընթերցողները կրնան ունկնդրել QR ծածկագրերու միջոցով։
Արուեստագէտին համար այս գիրքը նաեւ ինքնախոստովանութեան բնոյթ ունի։ Ան կը խօսի բաժանումի ցաւին, իր զաւկէն հեռու ապրելու մեղքի զգացումին, բայց նաեւ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքին ու ստեղծագործելու ուժին մասին։
Անձնական յիշատակներու այս հաւաքածոն միաժամանակ կը պատմէ ամբողջ սերունդի մը ճակատագիրը՝ անոնց, որոնք հեռացած են հայրենիքէն, բայց երբեք չեն դադրած անոր պատկանելէ։
