«Կին մը՝ այսօր». Ռոպէր Կէտիկեանի անհրաժեշտ ֆիլմը
Ariane Ascaride (à gauche) et Marilou Aussilloux
Կան ֆիլմեր, որոնք կը յաջողին զգալ իրենց ժամանակին զարկերակը։ Իր 25-րդ ֆիլմով՝ Ռոպէր Կէտիկեան կը յաջողի ընել ճի՛շդ այդ։
Մարիլու Օսիյուի խորապէս յուզիչ ու անչափ բնական խաղարկութեամբ՝ ֆիլմը կը պատմէ Մարսիլիա ապրող, փայլուն ասպարէզ ունեցող երիտասարդ կնոջ մը՝ Ժիւլիէթի մասին, որ յարձակումի մը ենթարկուելէ ետք կը փորձէ վերստին ոտքի կանգնիլ։ Հո՛ս է ֆիլմին ամբողջ ուժը. Կէտիկեան մեզի ցոյց կու տայ ոչ թէ իր դժբախտութեան մէջ խեղդուող զոհ մը, այլ կին մը, որ կը պայքարի իր կեանքը վերագտնելու համար։ Բեմադիրը կը հետեւի անոր հոգեկան վէրքերուն դանդաղ ապաքինման, վարանումներուն ու ընկրկումներուն՝ մեծ նրբանկատութեամբ, առանց ցաւը վերածելու ցուցադրութեան։

Ոմանք ֆիլմին կը վերագրեն չափազանց շատ նիւթեր ընդգրկելու թերութիւնը։ Մինչդեռ, այդ բազմազանութիւնն իսկ է անոր մեծ արժանիքներէն մէկը։ Այո՛, Կէտիկեան կ՚անդրադառնայ ամէն ինչի՝ մարդոց առօրեայէն կտրուած ելեւմտական աշխարհին, առանձին զաւակ մեծցնող մայրերու անապահով կեանքին, ընտանեկան ժառանգութեան փոխանցման, Ալժերիոյ պատերազմի յիշողութիւններուն։ Բայց չէ՞ որ մեր այսօրուան կեանքն ալ այդպէս է։ Այս բոլոր իրականութիւնները իրարու կը միահիւսուին. կարելի չէ զանոնք առանձին բաժիններու վերածել։
Առանձնապէս կը փայլի Արիան Ասքարիտ՝ Ժիւլիէթի մօր՝ Քաթիի դերով։ Իր խաղարկութեան բնականութեամբ ու խոր զգայնութեամբ՝ ան անգամ մը եւս կը հմայէ հանդիսատեսը։ Սկիզբը կը տեսնենք համեստ, հպարտ, բայց միշտ մտահոգ մայր մը, որ ամէն ինչ զոհած է, որպէսզի իր աղջիկը յաջողի կեանքի մէջ։ Ապա Քաթի կը բացայայտէ իր ալժերիացի մօր երկար տարիներ ծածուկ մնացած գաղտնիքը. գաղութատիրութեան օրերուն ան ալ բռնաբարութեան զոհ գացած էր։ Այդ բացայայտումով Քաթի կը դառնայ անցեալն ու ներկան, իրարու յաջորդող սերունդներուն ճակատագիրները կապող օղակը։ Ասքարիտին մէկ նայուածքը բաւարար է արտայայտելու այն ամէնը, զոր իր սերունդին կիները երբեք չեն կրցած բառերով ըսել։ Ան է ֆիլմին լուռ, բայց լուսաւոր սիրտը։
Անոնց կողքին, Կէտիկեանի հաւատարիմ դերասանախումբը՝ Ժան-Փիէր Տարուսէն, բարդ ու համարձակ դերով մը, եւ Ժերար Մէյլան, ֆիլմին կը հաղորդեն մարդկային այն ջերմութիւնը, որ այնքան յատուկ է բեմադիրին աշխարհին։
Եւ կայ տեսարան մը, որ անմոռանալի պիտի մնայ. Ժիւլիէթ կը պարէ իր մեծ հօր հետ՝ Ճիմ Գրոչիի Time in a Bottle երգին ընկերակցութեամբ։ Քանի մը ակնթարթ, առանց բառ մը արտասանելու, եւ ամէն ինչ ըսուած է անդադար սահող ժամանակին ու սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ժառանգութեան մասին։
«Կին մը՝ այսօր» (Une femme aujourd’hui) ֆիլմով Ռոպէր Կէտիկեան, 72 տարեկանին, անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, որ կը մնայ մեր ժամանակներու ամենամարդկային բեմադիրներէն մէկը, որ բացառիկ զգայնութեամբ գիտէ ունկնդրել այսօրուան կիներուն ձայնը։
Շանթ Ոսկերիչեան ■
