Եւրոպա. ցանցահէններու նոր թիրախը՝ վաճառատուներու սառնարանները

Սառնարան

Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ, Նոյեմբեր 2-ին, հարիւրէ աւելի մեծ վաճառատուներու եւ սննդեղէնի խանութներու սառեցման սարքաւորումները խափանուած են՝ համացանցային յարձակումներու հետեւանքով կամ նման յարձակումներու կասկածով։

Պելճիքայի, Լիւքսամպուրկի, Շուէտի, Իռլանտայի եւ այլ երկիրներու վաճառատուներուն մէջ սառնարաններու ջերմաստիճանը յանկարծ բարձրացած է՝ պատճառ դառնալով մեծ քանակութեամբ սննդամթերքի փճացման։

Տուժածներուն շարքին են «Delhaize», «Colruyt», «Carrefour», «ICA» եւ «Coop» վաճառատուներու ցանցերը։ Պելճիքական «Sabcobel» ընկերութեան տնօրէնին համաձայն՝ համակարգիչներու միջոցով սառնարաններուն աշխատանքը փոխուած է, եւ անոնք անցած են սառոյցի հալեցման դրութեան։

Նման յարձակում մը տեղի ունեցած էր Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի մէջ, ուր հարիւրաւոր վաճառատուներու սառնարաններուն ջերմաստիճանը բարձրացուած էր մինչեւ 50 աստիճան՝ սննդամթերքի փճացում եւ նիւթական ծանր վնասներ պատճառելով։

Առայժմ յայտնի չէ, թէ ո՛վ պատասխանատու է այս յարձակումներուն, եւ արդեօք անոնք իրարու հետ կապ ունի՞ն։