Լայնածաւալ խուզարկութիւններ եւ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութիւնը

Սամուէլ Կարապետեան

Քրէական հետապնդում՝ 36 անձերու դէմ

Նոյեմբեր 4-ին Հայաստանի իրաւապահ մարմինները լայնածաւալ խուզարկութիւններ կատարած են 65 հասցէներու մէջ, ներառեալ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի եւ անոր եղբօրորդիին՝ Ազգային ժողովի նոյնանուն խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի բնակարանները։ Գործողութիւնները ընդգրկած են նաեւ Կարապետեան ընտանիքին առնչուող այլ բնակարաններ եւ ընկերութիւններու գրասենեակներ։

Քանի մը ժամ տեւած խուզարկութիւններէ ետք Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուած է եւ առաջնորդուած Քննչական կոմիտէ։ Ըստ վերջինիս հաղորդագրութեան՝ գործարարին եւ 35 այլ անձերու դէմ քրէական հետապնդում սկսած է «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) ընկերութեան շուրջ 64,6 միլիառ դրամի ենթադրեալ վնաս հասցնելու գործով։

Քննչական կոմիտէն կը պնդէ, թէ ընկերութեան ղեկավարութեան որոշ անդամներ, Սամուէլ Կարապետեանի կազմակերպութեամբ, չարաշահած են իրենց պաշտօնական լիազօրութիւնները՝ ընկերութեան իրական կարիքներէն աւելի մեծ վարկեր առնելով եւ գումարներ փոխանցելով բաժնետէրերու եւ առնչակից ընկերութիւններու։ Ըստ քննիչներուն՝ 2024-2025 թուականներուն ՀԵՑ-էն ապօրինաբար դուրս հանուած է շուրջ 23,2 միլիառ դրամ։ Գործը կը վերաբերի նաեւ վստահուած գոյքի իւրացման եւ դրամի լուացման կասկածներուն։

Նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան Քննչական կոմիտէն դատարան ներկայացուցած է ինը անձերու, ներառեալ Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորումը պահանջող դիմում։ Գործարարը, որ առանձին դատական գործով արդէն տնային կալանքի տակ կը գտնուէր, մերժած է իրեն ուղղուած մեղադրանքները։

Իր կարգին, Նարեկ Կարապետեան խուզարկութիւնները որակած է քաղաքական ճնշում։ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը զանոնք կապած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցին շուրջ իշխանութիւններուն հետ ունեցած տարակարծութիւններուն։ Կուսակցութեան պնդումով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ ճնշում բանեցնել ընդդիմութեան վրայ՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն ստանալու համար անոր հաւանութիւնը։

Նշենք, որ Նոյեմբեր 4-ին ձերբակալուածներուն մէջ չէր գտնուեր Նարեկ Կարապետեան։ Անոր դէմ կալանաւորման դիմում չէր ներկայացուած։

Նոր քրէական գործին նախաքննութիւնը կը շարունակուի։