Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուս խաղաղապահները հաստատուած են Շու­շի-Լի­սագոր հա­տուա­ծի բարձունքին վրայ եւ կը վերահսկեն զայն

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, որ ռուս խաղաղապահները հաստատուած են առջի օր ազերպայճանական բանակին կողմէ գրաւուած Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ գտնուող բարձունքին վրայ եւ կը վերահսկեն զայն, միաժամանակ բանակցութիւններ վարելով ազերպայճանական կողմին հետ՝ ապահովելու համար վերջիններուս վերադարձը իրենց նախնական դիրքերը։

«Զուգահեռաբար Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկել ու ձեռնարկում են համապատասխան քայլեր՝ կանխելու Ադրբեջանցիների գրգռութիւնները եւ, անհրաժեշտ դէպքում, ապահովելու տուեալ լեռնային ճանապարհի անվտանգ երթեւեկը։

Արցախի իշխանութիւնները մնայուն կապի մէջ են ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ՝ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր հնարաւոր միջոցներին ձեռնարկելու նպատակով», – նշուած է Տեղեկատուական կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, թէ Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Մետաքսէ Յակոբեան հարցին անդրադառնալով յայտնած է, թէ այս քայլով Ազերպայճան անդամալուծած է Արցախի ներպետական ճամբաները, սահմանափակելով Արցախցիներու ներքին տեղաշարժը, որովհետեւ սա պահուս իրարմէ անջատուած են Բերդաձոր համայնքի՝ Հին Շէն, Մեծ Շէն, Եղցահող եւ Լիսագոր գիւղերը։

Միւս կողմէ, Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտելով Ազերպայճանցիներու յարձակողական արարքը յայտարարած է, թէ նման պայմաններու տակ հրամայական է միջազգային հանրութեան կողմէ միասնական կոշտ դիրքորոշման որդեգրումը՝ Ազերպայճանին ստիպելու, որ վերադառնայ իրաւական դաշտ եւ կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները։ «Միջազգային հանրութիւնը եւ, մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է յստակ հաւաքական քայլեր ձեռնարկի՝ Բերձորի միջանցքի անյապաղ բացման եւ Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը զսպելու նպատակով»,– նշուած է Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ ■