ՄԻԵԱ-ն մերժեց Ազերպայճանի դիմումը
Հայկ Թորոյեանի սպանութեան գործով վճիռը վերջնական դարձաւ
Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) Նոյեմբեր 2-ին մերժեց Ազերպայճանի դիմումը՝ վերաքննելու 2016-ի Ապրիլեան չօրսօրեայ պատերազմի ընթացքին սպանուած հայ զինուորական Հայկ Թորոյեանի գործով կայացուած վճիռը։ Այսպէսով, Յունիս 18-ին հրապարակուած վճիռը վերջնական եւ պարտադիր դարձաւ։
Ատեանի Մեծ պալատի հինգ դատաւորներէ կազմուած յանձնախումբը մերժեց գործը Մեծ պալատի քննութեան յանձնելու վերաբերեալ Պաքուի պահանջը։ Այս մասին Նոյեմբեր 3-ին յայտնեց Հայաստանի միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչի գրասենեակի նախկին ղեկավար Լիպարիտ Դրմէեան։
Յունիս 18-ի վճիռով ՄԻԵԱ-ն հաստատած էր, որ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին ազերպայճանցի զինուորականներ խոշտանգած եւ գլխատելով սպանած են հայ սպայ Հայկ Թորոյեանը, որ վիրաւոր վիճակի մէջ այլեւս չէր կրնար պաշտպանել ինքզինք։ Ատեանը արձանագրած էր անոր կեանքի իրաւունքին եւ խոշտանգումներու արգելքին խախտումները։
ՄԻԵԱ-ն նաեւ հաստատած էր, որ զինուորականին բարբարոսական սպանութիւնը, անոր մարմնին խեղումը եւ մարմնին կարգ մը մասերուն չվերադարձուիլը անմարդկային տառապանք պատճառած են անոր ծնողներուն եւ քրոջ։ Ատեանը այդ հանգամանքները նկատած էր անոնց սեփական իրաւունքներու խախտում։
Վճիռով Ազերպայճան պարտաւորուած է զոհին ընտանիքին վճարել 90.000 եւրօ՝ բարոյական վնասի հատուցման համար, ինչպէս նաեւ 14.210 եւրօ՝ դատական ծախսերուն համար։
Լիպարիտ Դրմէեանի գնահատումով՝ այս վճիռը կարեւոր նախադէպ պիտի հանդիսանայ նմանօրինակ այլ դատական գործերու, մասնաւորաբար 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին կատարուած իրաւախախտումներուն վերաբերող դիմումներու քննութեան համար։
Այս գործը ՄԻԵԱ-ի առաջին վճիռն է 2016-ի Ապրիլեան պատերազմի առնչութեամբ։ Նոյն իրադարձութիւններուն վերաբերող 21 այլ դիմումներ տակաւին կը սպասեն Ատեանին քննութեան։
Վճիռին գործադրութիւնը պիտի վերահսկէ Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէն։
