Համաշխարհային հայկական երրորդ վեհաժողովին բացումը Երեւանի մէջ

Վեհաժողով-1

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր հեռանկարներու քննարկում՝ շուրջ 800 մասնակիցներու ներկայութեամբ

Նոյեմբեր 5-ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Համաշխարհային հայկական երրորդ վեհաժողովը, որ մինչեւ Նոյեմբեր 8 պիտի համախմբէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի շուրջ 800 ներկայացուցիչներ։ Վեհաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք կապերը, ընդլայնել գործակցութեան կարելիութիւնները եւ քննարկել համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցեր։

«Մերիդիան» ցուցահանդէսներու եւ ձեռնարկներու կեդրոնին մէջ ընթացող վեհաժողովին կը մասնակցին սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու եւ մասնագիտական ցանցերու ներկայացուցիչներ, պետական պատասխանատուներ, գործարարներ, գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ։ Շուրջ 600 մասնակիցներ ժամանած են Սփիւռքէն, իսկ 200-ը՝ Հայաստանէն։

Հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5-ի երեկոյեան։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։ Աշխատանքային նիստերուն մեկնարկը նախատեսուած էր Նոյեմբեր 6-ին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր ելոյթով։

Չորսօրեայ վեհաժողովին քննարկումները կ՚ընդգրկեն Հայաստանի տնտեսական զարգացումը, ներդրումներու խրախուսումը, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերու նորարարութիւնները, կրթութիւնը, մշակոյթը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն զօրացումը եւ հայրենադարձութեան կարելիութիւնները։

Առանձին նիստեր պիտի յատկացուին Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման, տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, առողջապահութեան ու գործարարութեան հարցերուն։ Ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան նաեւ սփիւռքահայութեան մասնագիտական ներուժը Հայաստանի զարգացման ի սպաս դնելու միջոցները, հայագիտական կրթութիւնը, հայկական մշակոյթի պահպանումը եւ լրասփիւռներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

Նոյեմբեր 7-ին նախատեսուած է համահայկական ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մշակուած նախաձեռնութիւններ, ծառայութիւններ եւ ծրագրեր։ Ձեռնարկը առիթ պիտի ընծայէ մասնակիցներուն՝ ծանօթանալու փոխադարձ գործակցութեան նոր կարելիութիւններու եւ հաստատելու մասնագիտական կապեր։

Վեհաժողովին վերջին օրը՝ Նոյեմբեր 8-ին, պիտի քննարկուին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին ծրագրերը, հայրենադարձութեան աջակցութեան միջոցները եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետագայ հեռանկարները։

Յիշեցնենք, որ համաշխարհային հայկական առաջին վեհաժողովը տեղի ունեցած էր 2022-ին՝ շուրջ 600 մասնակիցներու ներկայութեամբ, իսկ երկրորդը՝ 2024-ին, համախմբած էր մօտաւորապէս 1 000 մասնակիցներ՝ աւելի քան յիսուն երկիրներէ։

Կազմակերպիչներուն համաձայն՝ այս երրորդ հանդիպումը կը ձգտի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման՝ ոչ միայն երկխօսութեան, այլեւ երկարաժամկէտ գործակցութեան եւ միացեալ նախաձեռնութիւններու զարգացման ճամբով։