Ալիեւ եւ Էրտողան Շուշիի մէջ տօնեցին 2020-ի պատերազմին յաղթանակը. քարոզչական նախաձեռնութիւններ՝ մինչեւ Նիւ Եորք

Screenshot

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նոյեմբեր 8-ին Շուշիի մէջ քով-քովի եկան՝ մասնակցելու Պաքուի կողմէ «Յաղթանակի օր» հռչակուած տարեդարձի հանդիսութիւններուն։ Այս տարի կը լրանայ 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին վեցերորդ տարելիցը։

Թուրքիոյ նախագահը, իր կնոջ՝ Էմինէ Էրտողանի ընկերակցութեամբ, Ֆիզուլիի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ալիեւի եւ անոր կնոջ՝ Մեհրիպան Ալիեւայի կողմէ։ Շուշիի մէջ պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, երկու նախագահները գլուխ-գլխի զրոյց ունեցան եւ մամլոյ յայտարարութիւններ կատարեցին՝ վերահաստատելով իրենց երկիրներուն սերտ գործակցութիւնը։

Այցելութեան ընթացքին անոնք լուսանկարուեցան Շուշիի պատմական բերդին առջեւ, այցելեցին Խոճալուի զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած ազերպայճանական «Յաղթանակի» յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին։ Ալիեւի ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակուեցաւ նաեւ երկու նախագահներուն հանդիպումը ներկայացնող տեսանիւթ։ Օրուան աւարտին Էրտողան վերադարձաւ Թուրքիա։

Հանդիսութիւնները միաժամանակ առիթ ծառայեցին Պաքուի եւ Անգարայի քաղաքական ու ռազմավարական դաշնակցութիւնը ցուցադրելու։ Երկու երկիրներուն ղեկավարները այսպէսով վերահաստատեցին,– առնուազն երեւութապէս,– իրենց միասնութիւնը՝ վերջին շաբաթներուն արձանագրուած որոշ տարակարծութիւններէ ետք։

Միւս կողմէ, Ազերպայճան իր յաղթանակին տարեդարձին առիթով հաղորդակցական նախաձեռնութիւններ կազմակերպեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Նիւ Եորքի փողոցներով շրջեցաւ լուսաձայնային մեծ պաստառներով օժտուած ինքնաշարժ մը, որ կը ցուցադրէր ազերպայճանական յաղթանակին նուիրուած պատկերներ։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր ազերպայճանամերիկեան երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ՝ ՄԱԿ-ի մէջ Ազերպայճանի մնայուն ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ։

Նոյն ներկայացուցչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Նիւ Եորքի «One World Trade Center» երկնաքերը լուսաւորուած է ազերպայճանական դրօշի գոյներով։

Սակայն Պաքուի յաղթական հանդիսութիւնները կ՚անտեսեն Արցախին վերաբերող պատմութեան միւս՝ մարդկային ողբերգութեան երեսը։ 2023-ի Սեպտեմբերին, Ազերպայճանի ռազմական յարձակումէն ետք, աւելի քան 100 հազար հայեր հարկադրուեցան լքել Արցախը եւ ապաստան գտնել Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը հաստատեն ՄԱԿ-ի Գաղթականներու բարձր յանձնակատարութեան տուեալները։

Մինչ Պաքու կը շարունակէ իր ռազմական յաղթանակը ներկայացնել միջազգային հանրութեան, արցախահայութեան տեղահանութեան հետեւանքները, հայրենի տուները վերադառնալու իրաւունքը եւ անոնց անվտանգութեան երաշխիքները կը մնան ցաւոտ ու  չլուծուած հարցեր։