ՀԱՊԿ-ի նախարարական նիստը Մոսկուայի մէջ՝ առանց Հայաստանի մասնակցութեան
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միացեալ նիստը գումարուած է Նոյեմբեր 10-ին, Մոսկուայի մէջ, առանց Հայաստանի մասնակցութեան։
Ըստ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան՝ նիստէն առաջ կատարուած խմբային նկարահանումէն բացակայ էին Հայաստանի ներկայացուցիչները եւ հայկական դրօշակը միւս երկիրներու դրօշակներուն շարքին մնացած էր առանց ներկայացուցչի։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի նախագահութեամբ գումարուած նիստին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ քաղաքական գործակցութեան զարգացման ծրագրեր։
Նոյեմբեր 11-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն պիտի ներկայացուի Հայաստանը ձայնի իրաւունքէն զրկելու ռուսական առաջարկը՝ 2024-էն ի վեր չվճարուած անդամավճարներուն պատճառով։
Յիշեցնենք, որ Հայաստան 2024-ի Փետրուարին սառեցուցած էր իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն՝ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերեալ պարտաւորութիւններու դրժման պատճառաբանութեամբ։
