Սամուէլ Կարապետեան Ապրիլ 16-ին իր տունէն տեղափոխուած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) մեկուսարան, Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) վերաքննիչ դատարանը բեկանած ըլլալով զայն տնային կալանքի տակ պահելու որոշումը։
Կարապետեան Դեկտեմբեր 30-էն ի վեր կը գտնուէր տնային կալանքի տակ՝ վեց ամիս բանտը մնալէ ետք։ Վերաքննիչ դատարանը չեղեալ համարած է դատաւոր Սարգիս Պետրոսեանի վճիռը եւ վերահաստատած կալանաւորումը՝ որպէս խափանման միջոց։
Սամուէլ Կարապետեանը բանտ տանելէ ետք, Դատախազութիւնը դիմած է դատարանին՝ խնդրելով երկարաձգել կալանքը։ Սակայն, դատաւոր Վահէ Տոլմազեանը, 14 ժամ տեւած նիստէ ետք, մերժած է Դատախազութեան խնդրանքը։ Ան որոշած է, որ կալանքը չի կրնար պահպանուիլ։
Հետեւաբար, վերջին հաշուով՝ Սամուէլ Կարապետեան վերադարձած է տնային կալանքի (ճշդուած գրաւի դիմաց)։ Որպէս կարեւոր նորութիւն հարկ է նշել, որ դատարանը վերցուցած է նաեւ անոր դրուած՝ խօսելու եւ հրապարակային կոչեր ընելու արգեքը։
Կարապետեան ձերբակալուած էր 2025 Յունիս 18-ին՝ Նիկոլ Փաշինեանը հրապարակաւ զգուշացնելէ կարճ ժամանակ ետք, թէ «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային այլ հիմնական կառոյցներու դէմ տարուող արշաւին մէջ կարմիր գիծերը հատուած են» եւ յայտարարած էր՝ «հարցերը պիտի լուծենք մեր ձեւով»։
Անոր այս յայտարարութիւնը համարուեցաւ «իշխանութիւնը բռնագրաւելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու կոչ», ինչ որ առաջնորդեց անոր ձերբակալութեան։
Միեւնոյն ժամանակ, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ը (ՀԷՑ), որ երկրի ելեկտրականութեան գլխաւոր մատակարարն է եւ կը պատկանի Կարապետեանի «Տաշիր Կրուպ»-ին, ենթարկուեցաւ ստուգումներու, տուգանքներու, հաստատուեցան անկանոնութիւններ անոր գործունէութեան մէջ։ 2025 Նոյեմբերին Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը չեղեալ յայտարարեց ՀԷՑ-ի արտօնագիրը։
