“Ոստիկանութիւնը պատշաճ կերպով կ՚ապահովէ Իրանի դեսպանատան առջեւ ընթացող հաւաքին անվտանգութիւնը”, – «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նարեկ Սարգսեան։

“Երթը արտօնուած չէ, ինչպէս նաեւ հաւաքի ընթացքին 7 հոգի «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ» օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածով (Ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը) նախատեսուած արարք կատարելնուն համար ենթարկուած են վարչական ձերբակալման”,– ըսած է Սարգսեան։

Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը աւելցուցած է, որ ոստիկանութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները՝ ապահովելով հասարակական կարգը։

Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարեն Հայաստանի մէջ բնակող խումբ մը իրանցիներ։ Ցուցարարները կը բողոքեն Իրանի մէջ ցուցարարներուն նկատմամբ իշխանութիւններուն գործողութիւններուն դէմ եւ կը պահանջեն աշխարհիկ իշխանութիւն՝ կրօնական կառավարման փոխարէն։ Անոնք կը փափաքին երթ կատարել դէպի Կապոյտ մզկիթ, սակայն ոստիկանութիւնը թոյլ չի տար երթին՝ նշելով, որ արտօնուած չէ։ Ցուցարարները նստացոյց սկսած են դեսպանատան առջեւ։

Յիշեց­նենք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ Իրա­նի դես­պա­նը՝ Խալիլ Շիրղոլամի առ­ջի օր տրտնջա­ցած էր, որ մար­դիկ Երե­ւանի մէջ իրենց դես­պա­նատան առ­ջեւ ան­սանձ կը բո­ղոքեն, վի­րաւո­րական ար­տա­յայ­տութիւններ կ՚ու­նե­նան եւ թէ այդ երե­ւոյ­թը սկսած է Թեհ­րա­նի մտա­ծել տալ, որ Հա­յաս­տա­նը կը դառ­նայ Իրա­նի նկատ­մամբ թշնա­մաբար տրա­մադ­րո­ւած ու­ժե­րու գոր­ծունէու­թեան կեդրոն։