Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարօ Փայլան ընդգրկուած չէ երեսփոխանի  թեկնածուներու ընտրացանկին մէջ

Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտնած է, որ Մայիս 14-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ իր թեկնածութիւնը չէ ներկայացուցած։

Քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան» (HDP) անդամ Փայլան տեղեկացուցած է, որ կուսակցութեան ընտրացանկին մէջ իր չընդգրկուիլուն պատճառը երեսփոխանական երկու շրջանի կանոնն է։ Այսինքն անոնք, որոնք երկու անգամ ստանձնած են երեսփոխանական լիազօրութիւն, երրորդ անգամ չեն կրնար ընտրուիլ։

«Ես իմ կուսակցութեան կողմէ թեկնածու չեմ ներկայացուած։ Յաջողութիւն մեր բոլոր թեկնածուներուն։ Յաղթանա՛կ (քրտերէն)»։

Նշենք, որ Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները Ապրիլ 9-ին  Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդին ներկայացուցին իրենց թեկնածուներու ցանկերը։