Զարեհ Սինանեան Պոլիս կ՚այցելէ 

Սինանեան

Զարեհ Սինանեան Պոլսոյ Գարակէօզեան վարժարանին մէջ՝ կրթական հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Հանդիպումներ Պատրիարքարանին եւ հայկական վարժարաններուն մէջ

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Նոյեմբեր 10-12 Պոլիս կ՚այցելէ՝ հանդիպումներ ունենալու պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու պատասխանատուներուն եւ հայկական կազմակերպութիւններու հետ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով իրականացուող եռօրեայ այցելութեան նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի եւ պոլսահայ համայնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը եւ քննարկել գործակցութեան նոր կարելիութիւնները։

Սինանեանին կ՚ընկերակցին հայրենադարձներու համարկման վարչութեան պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան եւ նոյն վարչութեան բաժնի պետ Նարինէ Կիւրեղեան։

Նոյեմբեր 10-ին Սինանեան այցելեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքին կողմէ։  Պոլիս իր առաջին այցելութեան ընթացքին ան փափաք յայտնեց մօտէն ծանօթանալու համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ Պատրիարքարանի գործունէութեան։

Սինանեան պատրիարք

Հանդիպման ընթացքին Սինանեան ներկայացուց Երեւանի մէջ վերջերս կայացած Համաշխարհային հայկական երրորդ վեհաժողովին գլխաւոր եզրակացութիւններն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւնները։

Զրուցակիցները անդրադարձան պոլսահայ համայնքի պատմական ժառանգութեան, ազգային ու մշակութային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ հայկական հաստատութիւններու գործունէութեան։ Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ պոլսահայութեան միջեւ կապերը զարգացնելու հնարաւորութիւնները։

Սահակ պատրիարք տեղեկութիւններ հաղորդեց Պատրիարքական Աթոռին եւ համայնքի կեանքին մասին՝ շեշտելով նաեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին նշանակութիւնը։

Սինանեան այցելեց նաեւ աւելի քան մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող Գարակէօզեան վարժարանը, ուր հանդիպեցաւ տնօրէնութեան, հոգաբարձուներուն եւ վարչական պատասխանատուներուն։ Շուրջ 220 աշակերտ ունեցող հաստատութեան մէջ քննարկուեցան կրթական աշխատանքները, հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու Հայաստանի հետ կրթամշակութային կապերը ամրապնդելու կարելիութիւնները։

Սինանեան այցելեց «Հրանդ Տինք» հայկական վարժարանը եւս, ուր ներկայիս կը յաճախեն Հայաստանէն շուրջ 50 աշակերտներ։ Ան հանդիպեցաւ տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանի, փոխտնօրէն Լուսինէ Յարութիւնեանի եւ հոգաբարձուներ Դալար ու Արթօ Հորոզօղլուի հետ։

Վարժարանին մէջ ուսուցումը կը կատարուի Հայաստանի հանրակրթական ծրագրին համաձայն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայաստանցի աշակերտներու կրթութեան կազմակերպումը, հայերէնի ուսուցումը եւ վարժարանին գործունէութեան շարունակականութիւնը։

Սինանեանի աշխատանքային այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 12։