Փաշինեան եւ Ալիեւ Տապլինի մէջ քննարկած են խաղաղութեան գործընթացը
Վարչապետ Փաշինեան եւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ Նոյեմբեր 12-ին հանդիպում ունեցած են Տապլինի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի իններորդ վեհաժողովի ծիրէն ներս։ Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են խաղաղութեան գործընթացին յառաջընթացը՝ հիմք ընդունելով 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը։
Քննարկումները կեդրոնացած են փոխադրութեան եւ տարանցիկ հաղորդակցութիւններու զարգացման, տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու, սահմանազատման ու փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման վրայ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ TRIPP ծրագրին, մասնաւորաբար անոր երկաթուղային եւ ճանապարհային բաղադրիչներու նախագծման ու տարանցիկ կարելիութիւններուն։
Կողմերը դրական գնահատած են Ազերպայճանի տարածքով դէպի Հայաստան ապրանքներու փոխադրութիւնը։ Պաշտօնական տուեալներով՝ 2025 Նոյեմբերէն ի վեր այդ ճանապարհով Հայաստան հասած է 105 հազար թոն բեռ։ Քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներու ելեկտրական ցանցերու իրարու միացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ սահմանային գետերու կառավարման հարցերը։
Փաշինեան եւ Ալիեւ վերահաստատած են խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը։ Նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է նաեւ ազերպայճանական կողմը։
Մինչ այդ, սակայն, խաղաղութեան պայմանագիրը դեռ չէ ստորագրուած։ Պաքու կը շարունակէ պահանջել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ առարկելով անոր նախաբանին մէջ յիշատակուող Անկախութեան հռչակագրին, ուր յղում կայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման որոշումին։
Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ մշակուող նոր Սահմանադրութեան մէջ այլեւս պիտի չըլլայ այդ յղումը, ինչ որ ներքաղաքական տարակարծութիւններու առիթ տուած է։ Տապլինի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւններէն յայտնի չէ, թէ Փաշինեան եւ Ալիեւ անդրադարձա՞ծ են այս հարցին։
