Պաքու «վանդալութիւն» կ՚որակէ Երեւանի Կապոյտ մզկիթին սրահը Չարենցի անունով կոչելը

Կապոյտ մզկիթ

Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը «վանդալութիւն» եւ «գրգռութիւն» որակած է Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկը, որուն ընթացքին հանդիսութիւններու սրահը կոչուած է հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի անունով։ Ազերպայճանական կրօնական կառոյցը Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջած է կանխել նման նախաձեռնութիւնները։

Նոյեմբեր 9-ին, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կեդրոնին կազմակերպութեամբ, մզկիթին մէջ ներկայացուած էր պարսիկ բանաստեղծ Ֆիրդուսիի «Շահնամէ» դիւցազնավէպին ամբողջական հայերէն արձակ թարգմանութիւնը։ Արարողութեան մասնակցած էր նաեւ Հայաստան այցելող Իրանի փոխնախագահ Սէյէտ Համիտ Փուրմոհամմատի։

Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը պնդած է, թէ ձեռնարկը անհամատեղելի է իսլամական կրօնական աւանդութիւններուն հետ։ Ըստ ազերպայճանական APA գործակալութեան հրապարակած յայտարարութեան՝ կառոյցը դատապարտած է սրահը Չարենցի անունով կոչելու որոշումը եւ հոն բանաստեղծին կիսանդրին տեղադրելու ծրագիրը։

Վարչութիւնը նաեւ Կապոյտ մզկիթը ներկայացուցած է իբրեւ ազերպայճանական պատմամշակութային ժառանգութեան մաս՝ պնդելով, թէ զայն իրանական ներկայացնելը «պատմութեան կեղծում» է։ Ան նոյնիսկ յայտարարած է, թէ այս նախաձեռնութիւնը կասկածի տակ կը դնէ հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան գործընթացը։

Իրանի դեսպանատունը, իր կարգին բացատրած է, թէ սրահը Չարենցի անունով կոչելու որոշումը յարգանքի տուրք մըն է բանաստեղծին՝ իրանական մշակոյթին ու գրականութեան նկատմամբ անոր հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ Կապոյտ մզկիթին պահպանման բերած նպաստին համար։

1766-ին կառուցուած Կապոյտ մզկիթը խորհրդային տարիներուն փրկուած է քանդումէ՝ հայ մտաւորականներու, որոնց կարգին Եղիշէ Չարենցի ջանքերով։ Հետագային ան ծառայած է իբրեւ թանգարան, իսկ Հայաստանի անկախութենէն ետք յանձնուած է իրանական կողմին՝ որպէս աղօթավայր։

Ի՞նչ ըսել, ի՞նչ աւելցնել։ Բոլորովին բնական հակազդեցութիւն՝ երկրի մը կողմէ, որ այնքա՜ն բծախնդիր ու զգայուն է պատմամշակութային ու կրօնական կոթողներու պատմական ինքնութեան ու պահպանութեան նկատմամբ։