Հայաստանի Պետական տնտեսագիտական համալսարանի «Ամբերտ» կեդրոնի փորձագէտ Աննա Փախլեան վերլուծած է Իրանի անկայունութեան հնարաւոր հետեւանքները Հայաստանի տնտեսութեան վրայ.

- Արտածում եւ ներածում․ Իրանական ռիալի արժեզրկումը կրնայ նուազեցնել Հայաստանէն արտածումները (քանի որ հայկական ապրանքը սուղ կը դառնայ իրանցիներուն համար), իսկ Իրանէն ներածուած ապրանքները կրնան աժաննալ, սակայն մատակարարման անկայունութեան վտանգով։
- «Կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց»․ Թէեւ այս ծրագիրը մեքենայացուած է, սակայն ճգնաժամի խորացման պարագային կարելի են կազի մատակարարման առժամեայ խափանումներ, ծաւալի կրճատումներ կամ բեռնափոխադրումներու ուշացումներ։
- Թրամփի սպառնալիքը (25% մաքսատուրք)․ ԱՄՆ նախագահի՝ Իրանի հետ գործակցող երկիրներուն դէմ մաքսատուրք սահմանելու յայտարարութիւնը Հայաստանի վրայ աւելի շատ քաղաքական, քան տնտեսական ազդեցութիւն պիտի ունենայ, քանի որ Հայաստանէն դէպի ԱՄՆ արտածման ծաւալները մեծ չեն (ընդամէնը 0,5%):
- TRIPP եւ բացառութիւններ․ նկատի ունենալով TRIPP ծրագիրը՝ չի բացառուիր, որ Հայաստանը դասուի բացառութիւններու շարքին եւ զերծ մնայ ամերիկեան նոր պատիժներէն։ Հայաստան պէտք է ցուցաբերէ զուսպ եւ գործնական մօտեցում։
