Dernières nouvelles | Վերջին լուրեր
Economie & Politique | Տնտեսութիւն եւ Քաղաքականութիւն
Հայաստանի մէջ՝ առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը
Հայաստանի մէջ կատարուած է առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տեսուչ Արմէն...
Derniers articles | Վերջին յօդուածներ
Video | Տեսանիւթեր

Նոր Յառաջ — Հարցազրոյց՝ Սամսոն Աւետեանի հետ

Հարցազրոյց՝ Յարութ Խաչատուրեանի հետ

Հարցազրոյց՝ Զաքար Քէշիշեանի հետ
Important | Կարեւոր
ՕԹԱՆ-ի ընդհ. քարտուղարի տեղակալը արժէքաւոր գործընկեր կը համարէ Հայաստանը
Հիւսիսատլանտեան դաշինքի (ՕԹԱՆ) ընդհ. քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքա Դեկտեմբեր 18-ին աշխատանքային այցով կը գտնուէր Երեւան։ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին ան նշած է, որ ՕԹԱՆ-ը բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան կատարած մեծ ներդրումը։ Շեքերինսքա շնորհակալութիւն յայտնելով Միրզոյեանին ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծած է Երեւան կատարած իր այցելութեան […]
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին նշանակուած է Սարմէն Պաղտասարեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով՝ Սարմէն Պաղտասարեան նշանակուած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
Արցախի նախկին ղեկավարները Պաքուի դատարանին մէջ չեն ընդունիր մեղադրանքները
Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան «դատավարութիւն»-ը, որ արդէն մօտեցած է իր աւարտական փուլին։ Դեկտեմբեր 19-ին ելոյթ ունեցած են նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայան եւ զօրավար Դաւիթ Մանուկեան։ Անոնք չեն ընդունած իրենց դէմ յարուցուած մեղադրանքները ։ Արայիկ Յարութիւնեան հերքած է դատախազի մեղադրանքները 1993-ի Քելբաջարի դէպքերուն վերաբերեալ՝ նշելով, որ […]
ՀԱՊԿ-ի ընդհ. քարտուղարը համոզուած է, որ Հայաստան մօտ ապագային պիտի վերադառնայ ՀԱՊԿ, աշխուժ մասնակցութեամբ
ՄինչԵրեւան յայտարարած է, թէ առայժմ կը սառեցնէ իր մասնակցութիւնը նախկին խորհրդային հանրապետութեանց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), այդ կառոյցի ընդհ. քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովի համաձայն Հայաստան կը մնայ իրենց դաշնակիցը, եւ անոր լիարժէք մասնակցութեան դուռը բաց կը մնայ։ Ըստ Թասմակամպեթովի՝ ՀԱՊԿ-ն կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան մօտ ապագային պիտի վերամիանայ Կազմակերպութեան գործունէութեան եւ այն ալ՝ աշխուժ մասնակցութեամբ։ Ան յիշեցուցած է, […]
Գարեգին Բ.-ի եղբօր՝ Եզրաս արք.-ի՝ KGB-ի գործակալի հանգամանքը ապացուցող փաստաթուղթ հրապարակուած է
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ձեռքը գտնուող տուեալներու համաձայն՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եղբայրը՝ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը 1986-1988 ժամանակաշրջանին համագործակցած է KGB-ի հետ։ ԱԱԾ-ի համաձայն՝ բացի ատկէ, առկայ տուեալներուն համաձայն՝ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը ներկայիս ալ կապեր կը պահպանէ օտարերկրեայ պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչ որ կրնայ սպառնալիք հանդիսանալ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ շահերուն։ […]
















































































