Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունած է Վենեզուելայի ընդդիմութեան առաջնորդ Մարիա Քորինա Մաչատօն, որ իրեն նուիրած է անցեալ տարի իր ստացած Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի շքանշանը։

«Մեծ պատիւ էր այսօր հանդիպիլ Վենեզուելայէն Մարիա Քորինա Մաչատոյին։ Ան հրաշալի կին մըն է, որ շատ բաներ ապրած է։ Մարիան ինծի նուիրեց իր Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը՝ իմ կատարած աշխատանքիս համար։ Սա փոխադարձ յարգանքի հրաշալի արարք մըն է։ Շնորհակալութի՛ւն, Մարիա»,– գրած է ԱՄՆ-ու նախագահը։

Reuters կը նշէ, որ Սպիտակ տան պաշտօնեաներէն մէկը հաստատած է, թէ Թրամփ մտադիր է պահել շքանշանը։

Մաչատօ իր կարգին հանդիպումը գնահատած է «գերազանց»՝ նշելով, որ այդ նուէրով ինք տուրք կը մատուցէ Վենեզուելայի ժողովուրդի ազատութեան ուղղուած Թրամփի յանձնառութեան։

Թէեւ Մաչատօ Թրամփին նուիրած է ոսկեայ շքանշանը, որ կը տրուի Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներուն, այնուամենայնիւ, մրցանակը կը շարունակէ մնալ Մաչատոյինը։ Նոպէլեան հիմնարկը յայտնած է, որ մրցանակը կարելի չէ յանձնել, կիսել որեւէ մէկուն հետ եւ կարելի չէ անկէ հրաժարիլ։

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն եւ անոր կինը յատուկ գործողութիւնով մը ձերբակալելէ եւ ԱՄՆ փոխադրելէ ետք, Թրամփ մերժած էր Մաչատօն նշանակել Վենեզուելայի նախագահի առժամեայ պաշտօնակատար՝ փոխարէնը այդ պաշտօնին վրայ նշանակելով երկրի փոխնախագահ Տելսի Ռոտրիկեսը։

Մաչատոյին Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհուած էր Հոկտեմբերին։ Նոպէլեան յանձնախումբը նշած էր, որ որպէս Վենեզուելայի ժողովրդավարական շարժումին առաջնորդը՝ Մարիա Քորինա Մաչատօն վերջին ժամանակներուն Լատինական Ամերիկայի մէջ «քաղաքացիական քաջութեան ամենաարտասովոր օրինակներէն մէկն է»։

Եզրակացութիւն. Թրամփ ի վերջոյ մասամբ յագեցում տուած եղաւ այդ մրցանակին արժանի չնկատուելուն իրեն պատճառած կիրքին, անա­մօ­թաբար «ընդունելով» մրցանակին իսկապէս արժանի նկատուած անձին ձեռ­քէն տիտղոսին խորհրդանիշը։