Փաշինեան Գամպոճի մէջ կը մասնակցի Ֆրանսախօսութեան 20-րդ վեհաժողովին

Գամպոճ

Վար­չա­պետ Փա­շինեան Նո­յեմ­բեր 15-ին, Գամ­պո­ճի մայ­րա­քաղաք Փնոմ Փե­նի մէջ, մաս­նակցե­ցաւ Ֆրան­սախօսութեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութեան 20-րդ վե­հաժո­ղովին, որուն բաց­ման ներ­կայ էին Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Էմա­նիւէլ Մաք­րոն, Գամ­պո­ճի թա­գաւոր Նո­րոտոմ Սի­համո­նի, վար­չա­պետ Հուն Մա­նէթ եւ Ֆրան­սախօսութեան ընդհա­նուր քար­տուղար Լուիզ Մու­շի­քիվա­պօ։

Բաց­ման արա­րողու­թեան ըն­թացքին կազ­մա­կեր­պութեան նա­խագա­հու­թիւնը Ֆրան­սա­յէն փո­խան­ցուեցաւ Գամ­պո­ճին։

Վե­հաժո­ղովի լիագու­մար նիս­տե­րուն քննար­կուեցան խա­ղաղու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին գոր­ծակցու­թեան վե­րաբե­րող հար­ցեր։ Փա­շինեան անդրա­դար­ձաւ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցին եւ տա­րածաշրջա­նային գոր­ծակցու­թեան զար­գացման հե­ռան­կարնե­րուն։

Վե­հաժո­ղովի ծի­րէն ներս, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը տե­սակ­ցե­ցաւ Մոլ­տո­վայի իր պաշ­տօ­նակից Վա­սիլէ Թո­ֆանի հետ։ Եր­կու ղե­կավար­նե­րը քննար­կե­ցին տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գա­ցու­մը եւ Երե­ւան-Քիշ­նեւ ուղղա­կի օդա­նաւա­յին կա­պի հաս­տատման կա­րելիու­թիւնը։

Փա­շինեան այ­ցե­լեց նաեւ Ֆրան­սախօսութեան աւա­նին մէջ բա­ցուած հայ­կա­կան տա­ղաւա­րը, ուր կը ներ­կա­յացուին Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյթն ու Երե­ւանի քա­ղաքա­յին մի­ջավայրը։