Հայաստան եւ Ազերպայճան ձեռնպահ կը մնանԵւրոպական քաղաքական համայնքի հռչակագիրը ստորագրելէ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Անցեալ Մա­յիսին էր, որ Երե­ւանի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Եւ­րո­պական քա­ղա­քա­կան հա­մայնքի (ԵՔՀ) 8-րդ վե­հաժո­ղովը։ Հա­մայնքին նպա­տակն է ժո­ղովրդա­վարու­թեան դի­մակա­յու­նութեան հզօ­րացու­մը, ինչպէս նաեւ եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ հա­ղոր­դակցա­կան կա­պերու ամ­րա­պնդումն ու անոնց տնտե­սական եւ ու­ժա­նիւ­թա­յին անվտան­գութեան ապա­հովու­մը։ ԵՔՀ-ի այս հան­դիպման ըն­թացքին, Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն ըն­դա­ռաջ, իշխանութեան կու­սակցու­թեան ի նպաստ կո­չեր հնչե­ցին, այն պայ­մաննե­րուն մէջ, մինչ Ռու­սաստան պատ­ժա­միջոց­ներ կը կի­րար­կէր հայ­կա­կան ապ­րանքնե­րուն նկատ­մամբ։ Փա­շինեան յաղ­թա­կան դուրս եկաւ ընտրու­թիւննե­րէն, սա­կայն Ռու­սաստանի հետ առ­ճա­կատու­մը շա­րու­նա­կուե­ցաւ։

Տապ­լի­նի մէջ գու­մա­րուած ԵՔՀ-ի նո­յեմ­բե­րեան վե­հաժո­ղովին, եւ­րո­պացի­ները վերստին իրենց աջակ­ցութիւ­նը յայտնե­ցին Հա­յաս­տա­նին՝ Ռու­սաստանի գոր­ծադրած տնտե­սական եւ քա­ղաքա­կան ճնշումնե­րուն դէմ-յան­դի­ման։

Վե­հաժո­ղովի ծի­րէն ներս, Փա­շին­եանի հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նին աջակ­ցող կեդ­րո­նական խում­բը, որ կը բաղ­կա­նար Էս­թո­նիայէն, Ֆրան­սա­յէն, Լատվիայէն, Լի­թուա­նիայէն, Միացեալ Թա­գաւո­րու­թե­նէն եւ ԵՄ-ի բարձր ներ­կա­յացու­ցի­չէն։ Անոնց միացան Գեր­մա­նիան, Նետերլանտները, Նոր­վե­կիան, Լե­հաս­տանն ու Շուէտը, ինչպէս նաեւ Եւ­րո­պական խոր­հուրդի եւ Եւ­րո­պական յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ­նե­րը։ Հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թեամբ մը անոնք վե­րահաս­տա­տեցին իրենց աջակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան։ Դա­տապար­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րէն ի վեր սաստկա­ցող ռու­սա­կան ճնշումնե­րը, նե­րառեալ հայ­կա­կան ար­տա­ծումնե­րուն նկատ­մամբ հաս­տա­տուած ան­նա­խադէպ սահ­մա­նափա­կումներն ու ու­ժա­նիւ­թը ահա­բեկ­ման մի­ջոց դարձնե­լու սպառ­նա­լիք­նե­րը։ Յի­շեցու­ցին հայ­կա­կան ար­տա­ծումնե­րու 80 տո­կոսին վրայ գան­ձուող մաք­սա­տուրքե­րը կա­սեց­նե­լու ԵՄ-ի որո­շու­մը։ Եւ վեր­ջա­պէս, իրենց զօ­րակցութիւ­նը յայտնե­ցին Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցին եւ Թուր­քիոյ հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման։

Փա­շինեան եւ Ալիեւ հան­դի­պեցան 2026 Նո­յեմ­բեր 12-ին՝ վե­հաժո­ղովի ծիրէն ներս։ Եր­կու կող­մե­րը հրա­պա­րա­կեցին առան­ձին, սա­կայն բո­վան­դա­կու­թեամբ հա­մընկնող հա­ղոր­դագրու­թիւն­ներ, որոնց մէջ կը նշուէր, թէ քննար­կումնե­րը հիմ­նուած էին 2025-ի Օգոս­տո­սին Ուա­շինկթը­նի մէջ կա­յացած հան­դիպման ար­դիւնքնե­րուն վրայ։ Հոն Պա­քու եւ Երե­ւան ստո­րագ­րած էին հա­մատեղ հռչա­կագիր մը եւ նա­խաս­տո­րագ­րած՝ խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրը։

Թէեւ Ալիեւ կը մեր­ժէ ստո­րագ­րել Հա­յաս­տա­նի հետ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագի­րը, ան կը շա­րու­նա­կէ բա­նակ­ցութիւննե­րը TRIPP-ի («Թրամ­փի ճա­նապարհ») շուրջ։ Եր­կու ղե­կավար­նե­րը քննած են այս ճա­նապար­հին եր­կա­թու­ղա­յին եւ ցա­մաքա­յին հա­տուած­նե­րու ծրագ­րա­ւոր­ման ու նա­խագծման աշ­խա­տանքնե­րը։ Անոնք ող­ջունած են ապ­րանքնե­րու տա­րան­ցիկ փո­խադ­րու­թիւ­նը, որուն շնոր­հիւ 2025 Նո­յեմ­բե­րէն ի վեր 105 հա­զար թոն ապ­րանք Ազեր­պայճա­նի տա­րած­քէն անցնե­լով հա­սած է Հա­յաս­տան։ Քննար­կած են նաեւ ելեկտրա­կան ցան­ցե­րու յա­ռաջի­կայ փոխ­կա­պակցման եւ անդրսահ­մա­նային գե­տերու կա­ռավար­ման աշ­խա­տան­քա­յին խումբեր ստեղ­ծե­լու հար­ցե­րը։

Ու­շագրաւ կէտ մը. Տապ­լի­նի վե­հաժո­ղովի աւար­տին 41 պե­տու­թիւն ստո­րագ­րեց «Եւ­րո­պական անվտանգութեան հիմ­նա­կան սկզբունքնե­րու մասին» հռչա­կա­գի­րը, որ մաս­նա­ւորա­պէս կը վե­րաբե­րի Ուքրաինայի ցու­ցա­բերուող աջակ­ցութեան։ Հա­յաս­տան եւ Ազեր­պայճան, սա­կայն, ձեռնպահ մնա­ցին զայն ստո­րագրելէ։

Ժ.Չ. ■

Soutenez NH