ՓԱՐԻԶ – «Վերապրիլ եւ վերածնիլ». յիշողութեան, ժառանգութեան եւ զօրակցութեան գիրք մը
Նոյեմբեր 7-ին, Փարիզի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ մայր տաճարի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փաթրիս Ճոլոլեանի «Վերապրիլ եւ վերածնիլ» գիրքին ներկայացումը։ Երեկոյթը առիթ ընծայեց թերթատելու ընտանիքի մը յիշողութեան էջերը, որոնք ժամանակի ընթացքին ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութեան մաս դարձած են։ Աւելի քան 250 նկարներով եւ ցարդ չհրապարակուած արխիւային փաստաթուղթերով հարուստ այս բացառիկ հատորին մէջ հեղինակը կը պատմէ իր հարազատներուն ճակատագիրը՝ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ Փարիզի «խելայեղ տարիները»։ Անձնական յուշերէ հիւսուած պատմութիւն մը, որ միաժամանակ համամարդկային տարողութիւն կը ստանայ։
Փաթրիս Ճոլոլեան մէկտեղած է մօրենական՝ Նալպանտեան եւ հօրենական՝ Ճոլոլեան գերդաստաններուն պատմութիւնները՝ կենդանացնելով հայութեան անցած ուղին հայրենի հողէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր հանգրուանները։ «Անթարէս» հրատարակչատան լոյս ընծայած եւ Ֆրանսուա Տէվէճեանի յառաջաբանով ներկայացուած այս գիրքը շատ աւելին է, քան ընտանեկան յիշատակներու հաւաքածոյ մը։ Անիկա պատմական արժէքաւոր վկայութիւն մըն է ժողովուրդի մը արմատներուն, յիշողութեան եւ վերապրելու աննկուն կամքին մասին։



Սիսը եւ Նալպանտեան գերդաստանը
Պատմութիւնը կը սկսի Կիլիկիոյ Սիս քաղաքէն՝ Նալպանտեաններու ծննդավայրէն։ Աջապահեան կաթողիկոսներուն հետ կապեր ունեցող այս բարեկեցիկ գերդաստանը հաստատուն դիրք ունէր տեղւոյն հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Մինչ հեղինակին մեծ հայրը կը տնօրինէր ընտանեկան կալուածները, անոր մեծ հօրեղբայրը երեսփոխան էր Կոստանդնուպոլսոյ խորհրդարանին մէջ։
Ընտանեկան կենդանի դրուագներով եւ առաջին անգամ հրապարակուող անձնական արխիւներով՝ Փաթրիս Ճոլոլեան կը վերակենդանացնէ այդ տարիներու առօրեան, Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսացիներուն հետ հաստատուած յարաբերութիւնները եւ, ի վերջոյ, դէպի Ֆրանսա մեծ գաղթը։ Այս էջերուն մէջ կը վերայայտնուի հայկական գաւառական աշխարհ մը՝ զարգացած, տնտեսապէս աշխուժ եւ իր ժամանակի կրօնական ու քաղաքական հաստատութիւններուն սերտօրէն առնչուած։
Ատափազարը եւ Ճոլոլեան գերդաստանը
Գիրքին միւս առանցքը Ճոլոլեան ընտանիքին պատմութիւնն է։ Ծագումով ատափազարցի եւ աւելի համեստ պայմաններու մէջ ապրող այս գերդաստանէն կը յայտնուին երեք եղբայրներ, որոնց ճակատագրերը պիտի կրեն իրենց ժամանակաշրջանի ողբերգական դրոշմը։
Ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար հեղինակին մեծ մայրը իր երեք զաւակներուն հետ կը հաստատուի Կոստանդնուպոլիս։ Անդրանիկը՝ Յակոբ, հետագային պիտի դառնար ծանօթ գրագէտ Յակոբ Ճոլոլեան Սիրունին։ Երկրորդը՝ Հայկ, զոհ պիտի երթար 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, իսկ կրտսերը՝ Գրիգոր, Փաթրիս Ճոլոլեանի հայրն էր։
Երեք եղբայրներուն կեանքի պատմութեան ընդմէջէն կը բացուի նաեւ Պոլսոյ հայութեան մտաւորական եւ մշակութային հարուստ աշխարհը, որուն մասին գիրքը կը ներկայացնէ բացառիկ հազուագիւտ վաւերաթուղթեր։
Տարագրութիւն եւ վերածնունդ
Տարագրութիւնը նոր ընթացք կու տայ ընտանիքի անդամներուն ճակատագրերուն։
1922-ին Յակոբ Սիրունի կը հաստատուի Ռումանիա, ուր կը դառնայ հայ մտաւորական կեանքի կարկառուն դէմքերէն մէկը։ Ան կը ստանձնէ նաեւ ապագայ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին մտաւորական դաստիարակութեան մէջ նշանակալից դեր մը։ Իր բեղուն գրական ու գիտական աշխատանքը, սակայն, ողբերգական ընդհատում մը կ՚ունենայ, երբ կը տարագրուի Սիպերիոյ խորհրդային ճամբարները, ուր տասը տարի կը մնայ։
Նոյն տարին՝ 1922-ին, կրտսեր եղբայրը՝ Գրիգոր, կը հասնի Ֆրանսա եւ կը հիմնէ հետագային համբաւաւոր դարձած «Արաքս» լուսանկարչատունը։
Գրիգոր Ճոլոլեանի լուսանկարչական գործիքին ոսպնեակէն մեզի հասած պատկերները կը վերակենդանացնեն երկու պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը՝ Փարիզի «խելայեղ տարիներէն» մինչեւ մայրաքաղաքին ազատագրումը։ Լուսանկարներ, որոնք կարծես պատմութեան պատկերազարդ հատորի մը էջերը ըլլային։

Լուսանկար՝ «Արաքս» լուսանկարչատուն, Ճոլոլեան հաւաքածոյ

Լուսանկար՝ «Արաքս» լուսանկարչատուն, Ճոլոլեան հաւաքածոյ
«Արաքս» լուսանկարչատունը՝ հայ կեանքի պատկերաւոր յիշողութիւնը
«Արաքս» լուսանկարչատան արխիւները գիրքին պատկերային գլխաւոր հարստութիւնը կը կազմեն։
Գրիգոր Ճոլոլեանի լուսանկարները մեզ կը փոխադրեն ժամանակաշրջանի նշանակալից իրադարձութիւններուն մէջ. 1924-էն սկսեալ կազմակերպուած հայկական մարզական ախոյեանութիւնները, գրագէտ Ֆրանց Վերֆէլի յիշարժան այցելութիւնը Փարիզ 1936-ին, ինչպէս նաեւ Զօրավար Անդրանիկի եւ Կոմիտաս վարդապետի հանդիսաւոր յուղարկաւորութիւնները։
Սակայն այս պատկերները պարզ լուսանկարներ չեն։ Անոնք կը պահպանեն ընտանիքներու, վայրերու, արհեստներու, գաղթի ճանապարհներու եւ նոր կեանք կառուցելու ճիգերու կենդանի հետքերը։ Այդ լուսանկարներուն շնորհիւ գիրքը, ընտանեկան յիշողութեան արժէքէն անդին, կը ստանայ նաեւ պատմական վաւերագրութեան նշանակութիւն։
Այսպէս, «Արաքս» լուսանկարչատունը կը ներկայանայ իբրեւ Ֆրանսայի հայութեան կեանքը տասնամեակներ շարունակ իր ոսպնեակին մէջ պահպանած բացառիկ վկայ մը։
Յարգանքի տուրք՝ ամբողջ համայնքի մը
Ընտանեկան պատմութեան սահմանները անցնելով՝ գիրքը կը դառնայ նաեւ Ֆրանսա նոր հաստատուած հայութեան արտակարգ կենսունակութեան նուիրուած յարգանքի տուրք մը։
1915-ի աղէտէն եւ տարագրութենէն ետք, հայերը օտար հողի վրայ վերակառուցեցին իրենց կեանքը, հիմնեցին հաստատութիւններ, պահպանեցին մայրենի լեզուն ու մշակոյթը եւ միաժամանակ իրենց տեղը գտան ֆրանսական հասարակութեան մէջ։
Հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս արմատախիլ եղած ժողովուրդ մը կրցաւ նոր արմատներ նետել՝ առանց իր ինքնութիւնը կորսնցնելու։
Ահա այս հանգամանքն է, որ ընտանեկան պատմութեան համամարդկային արժէք կու տայ։ Ընտանիքի մը ճակատագիրը կը դառնայ ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը՝ բռնութեան, կորուստի, գաղթի, վերականգնումի եւ յիշողութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պարտաւորութեան մասին։
Ժառանգութիւն մը՝ սերունդէ-սերունդ
Գիրքին ներկայացման ընթացքին Փաթրիս Ճոլոլեան պատմեց, թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին հաւաքուած են ընտանեկան հարիւրաւոր փաստաթուղթեր, որոնցմէ ոմանք պատմական բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն։
Այդ հարուստ նիւթը հիմք ծառայած է իր ծնողներուն եւ մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն յիշատակին նուիրուած այս աշխատութեան։
Փաթրիս Ճոլոլեան, որ 1988-1991-ին նախագահած է Ֆրանսահայ բժշկական միութեան (UMAF), իսկ 2011-2018-ին՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմին, այսօր նաեւ իր հօր հիմնած «Արաքս» լուսանկարչատան արխիւներուն պահապանն է։
Այս ընտանեկան ժառանգութիւնն է, որ զայն մղած է գիրքը պատրաստելու։ Նպատակը միայն հին լուսանկարներն ու փաստաթուղթերը մոռացութենէ փրկելը չէ, այլ նաեւ զանոնք պատմական ամբողջութեան մը մէջ զետեղելն ու յաջորդ սերունդներուն հասանելի դարձնելը։
Յիշողութեան եւ զօրակցութեան գիրք մը
Փաստաթուղթերով ու լուսանկարներով հարուստ, խորապէս մարդկային այս աշխատութիւնը իրարու կը միացնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, տարագրութեան փորձառութիւնը, Ֆրանսայի մէջ նոր կեանքի մը կառուցումը եւ սերունդներուն փոխանցուած յիշողութիւնը։
Գիրքին խորագիրը՝ «Վերապրիլ եւ վերածնիլ», ինքնին կը խտացնէ այս ամբողջ պատմութիւնը. վերապրիլ աղէտէն, վերստին կեանք կառուցել եւ պահպանել ինքնութիւնը՝ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար։
Սակայն հատորին առաքելութիւնը միայն անցեալը յիշատակելով չի սահմանափակուիր։
40 եւրոյի վաճառուող գիրքին ամբողջ հասոյթը կը յատկացուի Ֆրանսահայ բժշկական միութեան բարեսիրական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի երկու դպրոցներուն մէջ արեգակնային վահանակներու տեղադրման։
Այսպէսով, «Վերապրիլ եւ վերածնիլ» միաժամանակ կը ծառայէ երկու նպատակի՝ պահպանել հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը եւ գործնական օժանդակութիւն բերել մարդասիրական ու կրթական նախաձեռնութիւններու։
Ներկայացման երեկոյթը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ այս գիրքը որքա՜ն աւելի լայն նշանակութիւն ունի, քան պարզ ընտանեկան կենսագրութիւն մը։ Անիկա յիշողութեան, ժառանգութեան փոխանցման եւ զօրակցութեան արժէքաւոր վկայութիւն մըն է՝ առանձնապէս թանկագին բոլոր անոնց համար, որոնք կը հետաքրքրուին հայոց պատմութեամբ, Սփիւռքի անցեալով եւ լուսանկարչական վաւերագրութեամբ։
Թ. Շ. ■

