Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ծերակուտական Ռըթայօ՝ Տեղ գիւղին մէջ. «Պէտք է Հայաստան տեղակայուին խաղաղապահ զօրքեր, որովհետև Ազերպայճան մի՛այն ուժի լեզուն կը հասկնայ»

Ապրիլ 23-ին, ֆրանսացի ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Տեղ գիւղը՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու նպատակով։ Ան անընդունելի համարած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի ոտնձգութիւնները։

“Մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք Հայաստանին տրամադրելու անհրաժեշտ միջոցներ՝ իր ինքնիշխան տարածքը պահպանելու համար”,– յայտարարած է ան եւ աւելցուցած.

“Ֆրանսա վերադարձին՝ մենք առաջնահերթ կերպով մեր ազդեցութիւնը պիտի բանեցնենք թէ՛ Ֆրանսայի նախագահին եւ թէ՛ կառավարութեան մակարդակով։ Այս անգամ մենք պիտի դիմենք պատիժներու կիրակման պահանջով, որովհետև չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ կարելի է զանազանել Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի իրավիճակը, ուր պատիժներ կիրակուած են Ռուսաստանի դէմ, որ ոտնձգութիւններ կատարած է Ուքրաինայի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ, իսկ նոյն պատիժները այսօր չեն կիրարկուիր Ազերպայճանի նկատմամբ։

Պէտք է Հայաստանի մէջ տեղակայուին խաղաղապահ միջնադիր զօրքեր, որովհետեւ Ազերպայճան մի՛այն ուժի լեզուն կը հասկնայ, որովհետեւ Ազերպայճան պէտք է հասկնայ, որ այստեղ իր դէմ պիտի ըլլայ ուժային դիմադրութիւն, մի՛այն այդ պարագային կարելի կ՚ըլլայ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ”։