Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Հայաստան Փրակայի եւ Սոչիի մէջ ճանչցած է Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը»

Ազերպայճան կ՚արդարացնէ Բերձորի մէջ անցակէտ հաստատելու իր քայլը

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձելով Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան յայտարարութեան, պնդած է, թէ Բերձորի մէջ անցակէտի տեղադրումը բացարձակապէս օրինական է։

«Հայաստանի հետ սահմանին հսկիչ-անցագրային կէտ տեղադրելու Ազերպայճանի որոշումը օրինական է եւ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշերուն։ Աւելի՛ն, Փրակայի եւ Սոչիի մէջ Հայաստան ճանչցած է Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը։ Մեկնելով սոյն հանգամանքէն Հայաստան պէտք է յարգէ Ազերպայճանի՝ իր սեփական տարածք ելեւմուտքը վերահսկելու իրաւունքը»,– նշուած է այս կապակցութեամբ հրապարակուած Պաքուի յայտարարութեան մէջ։