Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանցի կեղծ բնապահները կը դադրեցնեն Բերձորի միջանցքին աւելի քան չորս ամիս տեւած իրենց ցուցարարական արարքները

Սակայն, Արցախ կը շարունակէ մնալ շրջափակուած

Ազերպայճանցի կեղծ բնապահները, որոնք Դեկտեմբեր 12-էն փակած էին Բերձորի միջանցքը, Ապրիլ 28, ժամը 18-ին դադրեցուցին չորս ամիսէ աւելի տեւած իրենց ցուցարարական արարքները։ Անոնք բնապահական կեղծ պատրուակներով՝ արգիլած էին միջանցքով ազատ տեղաշարժը:

Լուրը կը հաղորդէր ազերպայճանական «Azertac» գործակալութիւնը, նշելով, թէ Շուշիի մէջ Ազերպայճանի նախագահի ներկայացուցիչ Այտին Քերիմով հանդիպում ունեցած է «բնապահներ»-ու 10 ներկայացուցիչներու հետ, անոնց հաղորդելով, թէ միջանցքին վրայ ազերպայճանական անցակէտի տեղադրումով՝ նոր իրավիճակ ստեղծուած է, հետեւաբար, առաջարկած է դադրեցնել ցոյցը:

Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կողմէ հովանաւորուող կեղծ բնապահները այնուհետեւ խորհրդակցելէ ետք յայտարարած են, թէ կը դադրեցնեն իրենց այսպէս կոչուած «բնապահական» արարքները։

Ի դէպ, անոնց մեկնումէն ետք ալ Արցախ կը շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ, քանի որ Ազերպայճան՝ Արցախ-Հայաստան սահմանագծին գտնուող Հակարիի կամուրջին մօտ անցակէտ տեղադրած է։