Այվազովսկիի «Վենետիկը գիշերով» կտաւը վաճառուած է աւելի քան մէկ միլիոն սթերլինի
Հայազգի աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Վենետիկը գիշերով. Սան Ճորճօ Մաճորէ» կտաւը Նոյեմբեր 24-ին Լոնտոնի Sotheby’s աճուրդի տան մէջ վաճառուած է 1 միլիոն 88 հազար սթերլինի։
1862-ին իւղաներկով ստեղծուած այս գործը ներկայացուած էր Fabergé, Imperial & Revolutionary Art աճուրդին, ուր անոր նախնական արժէքը գնահատուած էր 500-700 հազար սթերլին։ Կտաւին չափերն են 61,5 × 50,5 սմ.։
Ըստ Sotheby’s-ի՝ նկարը 19-րդ դարու վերջաւորութեան գնուած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եւ հետագային փոխանցուած սերունդէ-սերունդ։ Ան մաս կը կազմէր Էսթոնիոյ մէջ պահուող ընտանեկան մասնաւոր հաւաքածոյի մը։

