Հայ եւ ազերպայճանցի փորձագէտներու հինգերորդ հանդիպումը՝ Դիլիջանի մէջ
Նոյեմբեր 26-27-ին, Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հինգերորդ հանդիպումը՝ «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։ Երկօրեայ քննարկումներուն մասնակցած են երկու երկիրներու հասարակական կազմակերպութիւններէն, լրասփիւռներէն եւ փորձագիտական շրջանակներէն շուրջ 60 ներկայացուցիչներ։
Հանդիպումին ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան գործընթացին, 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած խաղաղութեան օրակարգին եւ անոր ամրապնդման կարելիութիւններուն։ Քննարկուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական գործակցութեան, առեւտրական եւ հաղորդակցական ուղիներու զարգացման, մարդասիրական հարցերու, կրթութեան եւ երիտասարդութեան վերաբերող նիւթեր։
Աշխատանքները շարունակուած են առանձին յանձնախումբերու ձեւաչափով. քննարկուած են տնտեսութեան, ենթակառոյցներու, բնապահութեան, կրթութեան, հասարակական կեանքի, լրատւութեան, քաղաքականութեան եւ աշխարհաքաղաքականութեան առնչուող հարցեր։ Քննարկումներուն նպատակներէն մէկն ալ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ ուղղակի եւ մնայուն կապեր հաստատելու ուղիներ գտնելն էր։
Մասնակիցներուն հետ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան եւ Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան։
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած նախորդ հանդիպումը յետաձգուած էր ազերպայճանական կողմին որոշումով՝ Գանձասարի եւ Դադիվանքի շուրջ ծագած վէճէն ետք։ Այդ օրերուն Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ օտարերկրեայ դիւանագէտներու այցելութեան մը ընթացքին հայկական այս երկու վանքերը ներկայացուցած էր իբրեւ աղուանական եկեղեցիներ։ «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան հայ մասնակիցները քննադատած էին այդ յայտարարութիւնները՝ զգուշացնելով, որ նման քայլեր կը խորացնեն փոխադարձ անվստահութիւնը։
Հայ եւ ազերպայճանցի փորձագէտներու փոխադարձ այցելութիւնները սկսած էին 2025-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ խաղաղութեան համաձայնագրին նախաստորագրումէն ետք։

