Նիժերիոյ մէջ անծանօթներ պատարագի ընթացքին առեւանգած են աւելի քան 160 քրիստոնեաներ

ՆԻժերիա

Նիժերիոյ հիւսիսը զինեալներ Յունուար 18-ին առեւանգած են աւելի քան 160 քրիստոնեաներ, որոնք Կիրակնօրեայ պատարագներու կը մասնակցէին երկու եկեղեցիներու մէջ։ Զինեալները փակած են եկեղեցիներուն մուտքերը եւ հաւատացեալները ստիպողաբար տարած իրենց հետ։ Կիրակի օր Քատունա նահանգի Քուրմին շրջանին մէջ քանի մը եկեղեցիներ ենթարկուած են յարձակման։ Իշխանութիւնները միջոցներու ձեռնարկած են առեւանգուածները յայտնաբերելու ուղղութեամբ։ 

Նշենք, որ վերջին տարիներուն Նիժերիոյ մէջ յաճախակի դարձած են եկեղեցիներու վրայ յարձակումները՝ փրկագին ստանալու նպատակով։