Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով Եպիսկոպոսաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ մէջ

Screenshot

Screenshot

Ետին՝ քաղաքակա՞ն դրդապատճառներ

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաւէրով, Եպիսկոպոսաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ Սեն Փէօլթըն քաղաքին մէջ՝ Փետրուար 16-19-ին։ Այս մասին գրած է «24News»-ը՝ յղում ընելով Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քահանայ Արթէնեանին։ «Հարկ է ընդգծել, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ որեւէ ժողովական մարմին, բացառութեամբ Ազգային-Եկեղեցական ժողովին, իր նիստերը կրնայ գումարել որեւէ վայրի մէջ։ Նման նախադէպեր եղած են թէ՛ Եպիսկոպոսաց ժողովի, թէ՛ ալ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի գումարման պարագային»,– բացատրած է Տէր Հայրը։

Թէեւ ժողովը երկրէն դուրս տեղափոխելու Կաթողիկոսին որոշումը թերեւս կը միտի սփիւռքի եպիսկոպոսներու առաւելագոյն մասնակցութիւնը ապահովելուն, սակայն աւելի հաւանական է, որ ան նպատակ ունի կարելի դարձնել Մոսկուայի թեմի առաջնորդ եւ Կաթողիկոսի եղբայր՝ Եզրաս արքեպիսկոպոսի ներկայութիւնը, որ Հայաստանի մէջ ամբաստանուած է Ռուսաստանի գործակալ ըլլալու մեղադրանքով: Բացի ատկէ, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Կաթողիկոսը հրաւիրած է նաեւ իրեն մտերիմ աշխարհիկ «անձնաւորութիւններ», ինչպէս՝ ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: