2025-ին Հայաստան մուտք գործող քաղաքացիներուն թիւը առաջին անգամ ըլլալով գերազանցած է մեկնողներունը
2025-ին, Հայաստան մուտք գործած ՀՀ քաղաքացիներուն թիւը 8.660 աւելի եղած է, քան երկրէն մեկնողներունը։
Հիմնուելով Ներքին գործոց նախարարութեան տարեկան զեկոյցին վրայ՝ այս մասին յայտնած է վարչապետ Փաշինեան դիմագիրքեան իր էջին հրապարակած տեսանիւթով, երեւոյթը որակելով պատմական ցուցանիշ։ Արդարեւ, սա առաջին դրական հաշուեկշիռն է 2010 թուականէն ի վեր, երբ Հայաստանի մէջ սկսած են պաշտօնապէս արձանագրել քաղաքացիներուն մուտքի ու ելքի տարբերութեան վիճակագրութիւնը։
Ըստ վարչապետին՝ այս արդիւնքը պայմանաւորուած է երկու հիմնական գործօններով՝ խաղաղութեամբ եւ այդ խաղաղութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցող տնտեսական զարգացումով։
Փաշինեան նշած է, որ 2025-ը խաղաղութեան միայն առաջին տարին էր, եւ յառաջիկային կը սպասուին նորանոր դրական ցուցանիշեր։
