Հայաստան COP17-ի ծիրէն ներս պատրաստ է հիւրընկալելու նաեւ ազերպայճանական պատուիրակութիւնը

Screenshot

Screenshot

Այս մասին յայտարարած է Շրջակայ միջավայրի նախարար Համբարձում Մաթէոսեան։

«Ազատութեան» համաձայն՝ նախարարը նշած է, որ հրաւիրող կողմը ոչ միայն Հայաստանն է, այլ նաեւ ՄԱԿ-ը։

“Բոլոր երկիրները տեղեկացուած են թուականներուն մասին։ Առայժմ պաշտօնական հրաւէր չէ ուղարկուած. պիտի ուղարկուի յառաջիկային։ Հրաւէրը կ’ուղարկուի ՄԱԿ-ին հետ, սա թէ՛ մեր միջոցառումն է, թէ՛ համաշխարհային միջոցառում է. մենք կը հրաւիրենք բոլոր երկիրները, բոլոր 196 երկիրները”, – նշած է նախարարը։