Արարատ Միրզոյեանի Սթրազպուրկ այցելութիւնը

Screenshot

Screenshot

Յունուար 26-28 ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Սթրազպուրկ։

Ծրագրուած էին Եւրոպայի խորհուրդին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ։

Յունուար 28-ին նախարար Միրզոյեան ելոյթով հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նստաշրջանին, որ պիտի հեռարձակուի ուղղակի հաղորդումով։

Այցելութեան օրակարգին վրայ էին նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։