Ֆրանսան կ՚աջակցի Իրանի ԻՅՊ-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարելու Եւրոպական Միութեան առաջարկին
Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի Յունուար 29-ի նիստին, Ֆրանսա աջակցած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակազօրքը (ԻՅՊ) ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ ընդգրկելու առաջարկին։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ նշած է, որ Իրանի իշխանութիւնները չեն կրնար անպատիժ մնալ՝ խաղաղ ցոյցեր կատարող սեփական ժողովուրդը բռնաճնշումներու ենթարկելէ ետք։ Ան ընդգծած է, որ իրանցիներու բացառիկ քաջութիւնը, բռնութեան դէմ պայքարին մէջ, պէտք չէ ի դերեւ ըլլայ։
Պառօ յայտնած է նաեւ, որ եւրոպացի գործընկերներուն հետ պատիժներ պիտի կիրարկեն այս խախտումներուն համար պատասխանատուներուն դէմ։ Մասնաւորապէս, անոնց պիտի արգիլուի մուտք գործել եւրոպական տարածք եւ անոնց հաշիւները պիտի սառեցուին։
“Ֆրանսա կ՚աջակցի Իսլամական յեղափոխութեան պահակազօրքին՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւրոպական ցանկին մէջ ընդգրկման։ Վարչակարգը պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բանտարկեալները, դադրեցնէ մահապատիժները, վերջ տայ թուային շրջափակումին եւ թոյլ տայ ՄԱԿ-ի առաքելութեան՝ հետաքննել Իրանի մէջ կատարուած յանցագործութիւնները”,– ըսած է նախարարը։
Միացեալ Նահանգները, Գանատան եւ Աւստրալիան արդէն իսկ ԻՅՊ-ն ճանչցած են որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Գերմանիան եւ Նետերլանտները բազմիցս ԵՄ-ին կոչ ըրած են հետեւելու այս երկիրներու օրինակին։ Ֆրանսայի որոշումը կրնայ ճամբայ հարթել այս հարցին շուրջ համախոհութեան գոյացման համար։
ԱՄՆ-ու մէջ գործող իրանեան իրաւապաշտպան կառոյցներէն մէկուն՝ «Մարդու իրաւունքներու գործիչներու լրատուական գործակալութեան» (HRANA) տուեալներով՝ Իրանի մէջ տարուան սկիզբը տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին արձանագրուած բախումներու զոհերուն թիւը կը մօտենայ 6 հազարի։ Կազմակերպութեան պնդումով՝ այս պահուն իրենց կողմէ հաստատուած զոհերուն թիւը 5848 է։ Անոնցմէ 209-ը ապահովութեան ուժերէն են, մնացեալը՝ ցուցարարներ։
