«Հայաստանի մերձեցումը ԵՄ-ին պիտի ազդէ Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն վրայ»
Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի արագացուած մերձեցումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ թէ՛ Ռուսաստանի հետ անոր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, եւ թէ՛ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու զարգացման համար։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական հարցերու վարչութեան տնօրէն Վլատիսլաւ Մասլեննիքով։
Մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան միանալու Երեւանի մտադրութիւնը՝ ան նշած է, որ հաշուի առնելով ԵՄ-ի արագ վերափոխումը յարձակողական ռազմաքաղաքական դաշինքի եւ Ռուսաստանի հետ բախման ուղղուած անոր ռազմավարական ուղեգիծը, «այս կազմակերպութեան անդամակցելու Հայաստանի հետաքրքրութիւնը չի կրնար չմտահոգել»։
“Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանը՝ որպէս Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, կը հասկնայ Պրիւսէլի հետ արագացուած մերձեցման հաւանական բացասական հետեւանքները՝ թէ՛ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, եւ թէ՛ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու զարգացման համար”,– ընդգծած է Մասլեննիքով։
Միեւնոյն ատեն, Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի Եւրոպական հարցերու վարչութեան ղեկավարը վերահաստատած է, որ Ռուսաստան կը յարգէ այլ պետութիւններու՝ համարկման միաւորումներուն մասնակցելու ինքնիշխան իրաւունքը, եւ յատկապէս՝ «տնտեսական զարգացման յաւելեալ հնարաւորութիւններ ստանալու եւ սեփական բնակչութեան բարեկեցութիւնը բարելաւելու անոնց ցանկութիւնը»։ Այնուամենայնիւ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը «յստակօրէն ազդարարած է Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը առաւելագոյնի հասցնելու իր շահագրգռութիւնը»։
“Այս ջանքերուն համահունչ, 2025-ի Ապրիլին Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց «ՀՀ-ի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին մասին» օրէնքը, որ նախապէս հաստատուած էր խորհրդարանին կողմէ”,– յիշեցուցած է ան։
Այսպէսով, ըստ Մասլեննիքովի, Պրիւսէլ արդէն սկսած է «աշխուժօրէն մղել Երեւանը՝ ընդունելու Եւրոպական Միութեան չափանիշեր, որոնք դրդուած են քաղաքական նպատակներով եւ հիմնովին կ՚անտեսեն անդրկովկասեան այս հանրապետութեան անդամակցութիւնը ԵՏՄ-ին եւ ատոր հետ կապուած պարտաւորութիւնները»։
“Փաստը կը մնայ փաստ, որ միաժամանակ անդամակցութիւնը թէ՛ ԵՏՄ-ին եւ թէ՛ ԵՄ-ին, ըստ սահմանման, անկարելի է”,– յայտարարած է ռուս դիւանագէտը։
