Ռուսաստան պատրաստ է ուսումնասիրելու ԹՐԻՓՓ-ին միանալու տարբերակները. Զախարովա
Screenshot
Ռուսաստան պատրաստ է ուսումնասիրելու «Թրամփի ուղի»-ին միանալու տարբերակները։ Լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
Ռուսական կողմը կապի մէջ է իր հայ գործընկերներուն հետ, այդ կարգին՝ տնտեսական ոլորտի միջոցաւ։ Զախարովա այս մասին նշած է՝ պատասխանելով Հայաստանի տարածքին մէջ երկաթուղիի գիծերը վերականգնելու վերաբերեալ հարցումին։
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական կողմէն խնդրած էր վերականգնել Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններ տանող հատուածները, յետոյ նշած, որ հայկական կողմը պատրաստ է հանելու այդ հատուածները զիջումային (consession) պայմանագրէն եւ վերականգնել սեփական միջոցներով, եթէ ռուսական կողմը չկարենայ արագօրէն իրականացնել անոնց վերանորոգումը։
“Երեւանէն ստացուած բոլոր հարցումները արագօրէն կը մշակուին համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ։ ԹՐԻՓՓ ուղիի նախագիծին վերաբերեալ մենք կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ ուսումնասիրելու մեր մասնակցութեան հաւանական տարբերակները, այդ կարգին՝ հաշուի առնելով «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու եզակի փորձը։ Սակայն արժէ ուշադիր ուսումնասիրել այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ շահագործման բոլոր մանրամասնութիւնները։ Մենք կը հասկնանք, որ ատոր մշակումը միայն սկզբնական փուլին մէջ է։
Մեր առաջարկը՝ մանրամասն խորհրդակցութիւններ կատարել բոլոր շահագրգիռ գերատեսչութիւններու մասնակցութեամբ, կը մնայ ի զօրու”,– ըսած է Զախարովա։
