Թեհրան կը զգուշացնէ տարածաշրջանային հակամարտութեան մասին, եթէ ԱՄՆ-ն յարձակի Իրանի վրայ
Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէի յայտարարած է, որ եթէ ԱՄՆ-ը յարձակի Իրանի վրայ, այդ պիտի վերածուի տարածաշրջանային հակամարտութեան։ Այս յայտարարութեան արձագանգած են, Կիրակի, Փետրուար 1-ին, պետական լրասփիւռները՝ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարումին սաստկացման զուգահեռ։
Ըստ լրասփիւռներուն՝ Խամենէի շեշտած է, որ ԱՄՆ-ու նախագահին սպառնալիքները չեն մտահոգեր Իրանի ժողովուրդը։ Ապա աւելցուցած է, որ Թեհրան չի փափաքիր յարձակիլ որեւէ երկրի վրայ, բայց «Իրանի ժողովուրդը ուժգին հարուած պիտի հասցնէ իր վրայ յարձակողներէն իւրաքանչիւրին»։
Շաբաթ օր, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներուն ըսած էր, որ Իրան լրջօրէն կը բանակցի Ուաշինկթընի հետ։
Իրան կը յայտարարէ ԵՄ-ի երկիրներու բանակները «ահաբեկչական խմբաւորումներ» նկատելու մասին
Միւս կողմէ, Իրան որոշած է «ահաբեկչական խմբաւորումներ» նկատել ԵՄ-ի երկիրներու բանակները, որոնք Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակազօրքը ընդգրկեցին դաշինքի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ։ Այս մասին Կիրակի օր, Փետրուար 1-ին յայտարարած է խորհրդարանի բանբեր Մոհամմատ Պաքէր Ղալիպաֆ։
Ան նշած է, որ եւրոպացիները անգամ մը եւս կայացուցած են որոշում մը, որ կը հակասէ իրենց ժողովուրդներու շահերուն՝ «կուրօրէն հնազանդելով ամերիկացիներուն»։
«Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակազօրքը ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու դէմ հակաքայլերու մասին օրէնքի 7-րդ յօդուածին համաձայն՝ եւրոպական երկիրներու բանակները կը համարուին ահաբեկչական խմբաւորումներ»,– ըսած է Ղալիպաֆ՝ աւելցնելով, որ Ազգային անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնաժողովը պիտի քննարկէ ԵՄ-ի երկիրներու ռազմական կցորդներու արտաքսման հարցը։
