ՊՆ-ն կը դադրեցնէ բանակի հոգեւոր ծառայութեան գործունէութիւնը

ՊՆ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) հրամանով դադրեցուած է Զինուած ուժերու Հոգեւոր առաջնորդութեան գործունէութիւնը՝ ներկայ ձեւաչափով։ Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած է Տէր Պսակ քահանայ Մկրտչեանը՝ նշելով, որ հոգեւորականները ազատ կացուցուած են իրենց նախկին պարտականութիւններէն։

Ըստ այլ աղբիւրներու՝ Նախարարութեան համապատասխան որոշումը արդէն ուղարկուած է Մայր Աթոռ։ Նոր կարգադրութեան համաձայն՝ բանակի գնդերէցները այսուհետեւ պիտի ընդգրկուին զինուորական աստիճանակարգին մէջ. անոնք պիտի կրեն զինուորական կոչումներ եւ հաշուետու պիտի ըլլան զօրամասի հրամանատարի՝ դաստիարակչական աշխատանքներու գծով տեղակալին։

Ստորեւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի՝ այս հարցին վերաբերեալ հրամանագրին առաջին էջին բովանդակութիւնը.-

Օրինակ № _______

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ 

29. 01. 2026թ. ք. Երեւան

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ 2000 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՅՈՒԼԻՍԻ 19-Ի N 728 ՀՐԱՄԱՆՆ ՈՒԺԸ ԿՈՐՑՐԱԾ ՃԱՆԱՉԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ղեկավարուելով «Նորմատիւ իրաւական ակտերի մասին» օրէնքի 37-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝

Հ Ր Ա Մ Ա Յ ՈՒ Մ Ե Մ

  1. Ուժը կորցրած ճանաչել Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարի 2000 թուականի Յուլիսի 19-ի «ՀՀ զինուած ուժերում Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցու հոգեւոր ծառայութեան մասին» N 728 հրամանը։
  2. 2026 թուականի Փետրուարի 1-ից դադարեցնել ՀՀ զինուած ուժերի Հոգեւոր ծառայութեան առաջնորդի եւ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցու կողմից նշանակուած հոգեւոր ծառայողների գործունէութիւնը ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգում։
  3. ՀՀ զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետին՝

1) ապահովել մինչեւ սոյն հրամանի ուժի մէջ մտնելը շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչուած եւ ՀՀ զինուած ուժերում աւագ գնդերէցի կամ գնդերէցի զինուորական պաշտօնի նշանակուած անձանց կողմից հոգեւոր ծառայութեան (…)