ԵՄ-ի դեսպանները հրաւիրուած են Իրանի ԱԳՆ
Վերջին օրերուն Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու՝ Թեհրանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները հրաւիրուած են Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն (ԱԳՆ)։ Այս մասին Փետրուար 2-ին կայացած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի դիւանագիտական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։
Անոր համաձայն՝ դեսպանները ԱԳՆ հրաւիրելու պատճառը ԵՄ-ի կողմէ նախորդ շաբաթ կայացուած որոշումն էր, որուն համաձայն Իրանի ամենաազդեցիկ ուժային կառոյցը՝ «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակազօրք»-ը, ընդգրկուած է ահաբեկչական կառոյցներու ցանկին մէջ։
“Դեսպանները ԱԳՆ հրաւիրելը ամենափոքր քայլն է, որուն կը դիմէ Թեհրանը՝ ԵՄ-ի այս որոշման առթիւ”,– ընդգծած է Պաղային։
