Փարիզի դատախազութիւնը հարցաքննութեան կանչած է Իլոն Մասքը. «X»-ի գրասենեակը խուզարկուած է

Մասք

Փարիզի դատախազութիւնը հարցաքննութեան հրաւիրած է աշխարհի ամենահարուստ գործարար Իլոն Մասքը։ Ասոր զուգահեռ՝ ֆրանսական ոստիկանութիւնը Փետրուար 3-ին խուզարկած է «X»-ի փարիզեան գրասենեակը։

Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս-Փրես» գործակալութիւնը՝ նշելով, որ Մասքի՝ Ապրիլ 20-ին նախատեսուած հարցաքննութիւնը կապուած է գործարարին պատկանող «X» (նախկին «Թուիթըր») ընկերային ցանցի գործունէութեան առնչուող հետաքննութեան հետ։

Ֆրանսայի դատախազութիւնը 2025 Յունուարին քրէական գործ յարուցած էր՝ պնդելով, որ «X»-ի ալկորիթմը կ՚օգտագործուի երկրի ներքաղաքական կեանքին միջամտութեան համար։