35 տարուան սպասումէ ետք՝ «Սօս Սարգսեան» Համազգային թատրոնը կը տիրանայ իր սեփական շէնքին
«Սօս Սարգսեան» Համազգային թատրոնը, երեսունհինգ տարի տարբեր հարթակներու վրայ գործելէ ետք, վերջապէս տիրացած է իր սեփական շէնքին, որ կը գտնուի Հանրի Վերնէօյ 3 հասցէին: Թատրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Յունուար 23-ին՝ Մօրիս Մեթերլինկի «Սուրբ Անտոնիոսի հրաշքը» ներկայացումով, որուն բեմադիրն է Նարինէ Գրիգորեանը:
Թատրոնը կառուցուած է պետական եւ սեփական կառոյցներու աջակցութեամբ. պետական պիւտճէէն շինարարութեան եւ կահաւորման համար յատկացուած է աւելի քան 275 միլիոն դրամ: Թէեւ վերջնական բացումը պիտի ըլլայ փուլային, սակայն թատրոնը արդէն պատրաստ է ընդունելու հանդիսատեսը իր երկու՝ մեծ (225 հոգինոց) եւ փոքր սրահներով:
Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան կատարուածը «հրաշք» որակած է՝ յիշելով 1991-էն սկսեալ թատրոնի դեգերումները Ժուռնալիստներու, Գրողներու միութիւններուն եւ Թատերական հիմնարկին մէջ:
Նոր շէնքին մէջ նախատեսուած են նաեւ Սիմոն Աբգարեանի «Փենելոփէ» եւ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւններուն վրայ հիմնուած «Քարը» ներկայացումները:
