Բրիտանական մամուլը կ՚անդրադառնայ Սարգիս Կարապետեանի «Սեքսի նախարարութեան» մասին յայտարարութեան
Screenshot
«Ոչ մէկ կին անբաւարարուած պիտի մնայ»
Ռուսահայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի որդւոյն՝ Սարգիս Կարապետեանի կողմէ կատարուած աղմկայարոյց յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտած են միջազգային մամուլին մէջ։ Բրիտանական ծանօթ «The Telegraph» օրաթերթը յատուկ յօդուածով անդրադարձած է նիւթին՝ զայն վերնագրելով. «Հայկական կուսակցութեան խոստումը՝ “Սեքսի նախարարութիւն”. ոչ մէկ անբաւարարուած կին»։
Վերջին օրերուն, նիւթին անդրադարձած են նաեւ «JAMnews»-ը, «OC Media»-ն եւ այլ միջազգային լրասփիւռներ՝ քննարկելով Կարապետեանի արտայայտութիւնները «Սեռային հարցերու (Սեքսի) նախարարութիւն» ստեղծելու գաղափարի համածիրին մէջ։
Ի՞նչ ըսած է Սարգիս Կարապետեան
«Podcast»-ի մը ընթացքին, քննարկելով Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրները, Սարգիս Կարապետեան յայտնած է տեսակէտ մը, ըստ որու՝ կիներու քաղաքական աշխուժութիւնը յաճախ կապուած է սեռային կեանքի մէջ անոնց «անբաւարարուածութեան» հետ։ Ան պնդած է, որ հզօր Հայաստանի պարագային «ոչ մէկ անբաւարարուած կին պիտի ըլլայ»։ Քննարկման ընթացքին, երկրի ապագային վերաբերող հարցերու լուծման ծիրէն ներս, հնչած է նաեւ «Սեռային հարցերու նախարարութիւն» ստեղծելու գաղափարը։
Հետագային, Կարապետեան փորձած է պարզաբանել իր խօսքերը՝ նշելով, թէ զանոնք ներկայացուած են համածիրէն դուրս, կտրուած։ Ան յայտնած է, որ իր նպատակը եղած է խօսիլ ներքին սպառնալիքներու մասին՝ ընդգծելով հասարակութեան ֆիզիքական, հոգեկան եւ բարոյական առողջութեան կարեւորութիւնը։
Միջազգային արձագանգ եւ քննադատութիւն
Օտար մամուլը այս արտայայտութիւնները որակած է զգայացունց եւ Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման համար իրականութենէ կտրուած առաջարկ։
Յայտարարութիւնը բուռն քննադատութեան արժանացած է ընկերային ցանցերու եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ։ Յատկապէս կիներու իրաւունքներու պաշտպանները այս մօտեցումը համարած են խտրական եւ սեռային բնոյթի կողմնակալութիւն պարունակող։ Միջազգային մամուլը այս նիւթը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ տարօրինակ քաղաքական նախընտրական հարցադրում, այլեւ՝ հանրային կարծիքի խիստ հակազդեցութեան արժանացած երեւոյթ մը։
